2012-12-07 13:11:09

Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Եւ Եպիսկոպոսաց Խորհուրդի Ժողովին Բացումը։


Պքերքէ, Լիբանան- Հինգշաբթի 6 դեկտեմբերին, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդը իր հերթական ժողովը սկսաւ Պքերքէի մէջ, մասնակցութեամբ պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու եւ միաբանական մեծաւորներու։ Ժողովը կ'ընթանայ մինչեւ շաբաթ 8 դեկտեմբեր։ Այս ժողովին կը մասնակցի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, ընկերակցութեամբ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի։
Ժողովին բացումը կատարեց մարոնի պատրիարք՝ կարդինալ Րաիի, որ ողջունելէ ետք նոր եպիսկոպոսները, որոնք մաս կազմեցին խորհուրդին, իր խօսքին մէջ զգուշացուց ՜՜ընկերային ու տնտեսական տագնապէն եւ անոր վտանգաւոր հետեւանքներէն՝՝, վերյիշելով ՜՜Առաքելական Յորդորին հաղորդութեան ու վկայութեան՝՝ պատգամը։
Րաի պատրիարքը յորդորեց եպիսկոպոսները, ՜՜ամրապնդելու վկայութեան եւ ծառայութեան առաքելութիւնը իրենց թեմերէն ներս, ինչ որ ըլլան ընկերային եւ հոգեւոր պայմանները՝՝, եւ կոչ ուղղեց նուիրեալներուն որպէսզի ՜՜գործեն հաղորդութեամբ եւ սիրով իրենց եկեղեցիներուն մէջ, իսկ աշխարհականները գործնական կերպով թարգմանեն Աւետարանին եւ Եկեղեցւոյ գործերը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.