2012-12-06 12:33:37

Սուրիոյ Կառավարական Զօրքերը Ընդդիմադիր Զինեալները Դուրս Մղած՝Դամասկոսի Արուարձաններէն։ Քլինթըն-Լավրով-Պրահիմի -ի Հանդիպում Այսօր Տուպլինի ՄԷջ։


Սուրիոյ Կառավարական Զօրքերը դուրս մղած են ընդդիմադիր զինեալները Դամասկոսի Տարաա եւ Աքրապա արուարձաններէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը, յղում ընելով արաբական «Ալ Ութան» լրատուական ծառայութեան :
Լրատուական գործակալութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն` այս քայլով կառավարական ուժերը արգելք եղած են զինեալները Դամասկոսի թաղամասերուն եւ դէպի օդակայան տանող մայրուղիի վրայ հարուածներ իրականացնելու հնարաւորութենէն: Ըստ զինուորական որոշ աղբիւրներու` Դամասկոսի քանի մը շրջաններու մէջ շրջապատուած եւ ոչնչացուած են «Ալ Քայիտա»-ի գրոհայիններու խմբաւորումներ, սպաննուած են տասնեակ ահաբեկիչ-վարձկաններ:
Իսկ այսօր յետ միջօրէին Տուպլինի մէջ հանդիպում կ՝ունենան Հիլարի Քլինթըն,Սերկէյ Լավրով եւ Սուրիոյ համար Միջազգային Միջնորդ Լաքտար Պրահիմի,խօսելու համար Սուրիոյ մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.