2012-12-06 12:00:54

Ս. Աթոռը Կը Հզօրացնէ Իր Ներկայութիւնը Արդի Հաղորդակցութեանց Միջոցներու Մէջ` YouTube, Twitter եւ Facebook.


Սրբազան Քահանայապետի ներկայաութիւնը արդի նոր հաղորդակցութեան միջոցներու մէջ հետզհետէ կը զարգանայ ու կը բազմանայ, ներառեալ չինարէն լեզուի օգտագործումով։ Այդ ուղղութեամբ 2009էն ասդին նման նախաձեռնութիւններ կը զարգանան, հակառակ որ ժողովրդային չինաստանը միշտ կ'արգիլէ գործածութիւնը Եու Թուպ-ի, թուիդդէր-ի եւ ֆէյսպուգ-ի։ Այդ դժուարութիւնը յաղթահարելու նպատակով Ռատիովատիկանը կը խորհի արձանագրուիլ, Չինաստանի մէջ շատ ժողովրդական, ''Sina Weibo'' Թուիդդէրի համապատասխան կայքին։
Անցեալ 3 դեկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ունեցաւ Թուիդդէրի իր հաշիւը 7 լեզուներով եւ 24 ժամուան մէջ աւելի քան կէս միլիոն անհատներ արձանագրուեցան այդ հաշուին, տպաւորիչ յաջողութիւն մը արձանագրելով, Վատիկանի բանբերը յայտնած է որ դեկտեմբեր 12-էն առաջ ոչ մէկ պատասխան պիտի տրուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.