2012-12-06 12:07:09

Հոգեւոր Երաժշտութեան Ե. Փառատօնը Պէյրութի Մէջ։


Զաքար Եւ Կամիլա Քէշիշեաններ Հանդիսատեսներուն Ներկայացուցին Բարձրորակ Արուեստ...
Չորեքշաբթի 5 դեկտեմբերի երեկոյեան ՜՜Պէյրութը կ՛երգէ՝՝ հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի համերգներու շարքին Ս. Լուիս եկեղեցւոյ մէջ (Քափուչինեան միաբանութեան) տեղի ունեցաւ ՜՜Հայկական խճանկար Գ.՝՝ հոգեւոր ելոյթը` կատարողութեամբ՝ Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեաններու որոնք շուրջ 80 վայրկեաններու ընթացքին, (Զաքարը տուտուկով եւ շուիով, իսկ Կամիլան դաշնակով եւ երգեհոնով) հանդիսատեսներուն ներկայացուցին հոգեւոր, ժողովրդական եւ դասական ստեղծագործութիւններէն՝ Սայաթ Նովայի, Կոմիտասի, Մակար Եկմալեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Գրիգոր Եղիազարեանի, Գէորգ Մանասեանի, Ռոպերթ Պետրոսեանի, Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Գրիգոր Հախինեանի, Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի, Երուանդ Երկանեանի եւ Ստեփան Շաքարեանի կտորներ, արժանանալով մեծաթիւ հայ թէ օտար հանդիսատեսներու գնահատանքին: Փառատօնը եւ Քէշիշեաններու ելոյթները լաւագոյն առիթն էր, անգամ մը եւս ծանօթացնելու հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքներն ու ժառանգութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.