2012-12-05 13:08:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։
Կոչ Ի Սպաս Գոնկոյի Հանրապետութեան։


Չորեքշաբթի 5 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Պօղոս Զ. անուան Սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։ Ունկնդրութեան ներկայ էր նաեւ Ուկանտայի Վարչպետ Տիար Ամամա Մպապազի որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։

Շարունակելով Հաւատքի Տարուայ առթիւ սկսած հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներու ուղղած իր թուղթը կը սկսի օրհնաբանական աղօթքով ուղղուած Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի Հօր։

Սուրբ Պօղոս կը սքանչանայ Աստուծմով որ մեզ ընտրած է աշխարհի ստեղծումէն առաջ որպէսզի դառնանք Անոր որդեգրուած զաւակները իր Միակ Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։

Այր մարդն ու կինը դիպուածի մը հետեւանքը չեն այլ Աստուծոյ '' հոգատար ծրագրի'' ու Անոր կամքի խորհուրդին պտուղը։

Աստուածային ծրագրի նպատակն է համախմբել ամէն ինչ մէկ ղեկի տակ, Քրիստոսի` որ միակ առաջնորդն է դէպի իր Հօր ուզած լիութիւնը։

Աստուած կը յայտնէ իր սէրը խօսելով մարդոց բարեկամներու նման։ Անոնց մէջ ապրելով ու իրեն հետ հաղորդութեան առաջնորդելով։

Այս մէկը Սուրբ Հոգւոյն գործն է որ Քրիստոսի միջոցաւ շնորհուած է բոլոր մարդոց։ Ապա մարդ արարածի մէջ գտնուած Անհունի ցանկութեան իրականացումն է։ Այս իմաստով` Հաւատքը մարդու պատասխանն է Աստուծային Յայտնութեան։ Ներգործութիւն մը, որուն միջոցաւ կ՛ըմբռնենք այն ճշմարտութիւնը թէ Աստուած Սէր է։ Մարդը կանչուած է Հաւատքին հնազանդելու իսկական ապաշխարութեամբ։։

Սիրելի բարեկամներ, - ըսաւ ապա Նորին սրբութիւն - Յիսնակաց շրջանը մեզ կը դնէ ''հոգատար ծրագրի'' դիմաց որուն միջոցաւ Աստուած մեզ դէպի իրենց կը քաշէ, որպէսզի անոր հետ կարենանք ապրիլ հաղորդութեան լիութեան մէջ, երջանկութեան ու խաղաղութեան մէջ։

Մեր հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ միջոցաւ Աստուած միշտ իր լոյսը կը ցոլացնէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր ճառը - ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։

Սուրբ Ծննդեան նախապատրասատական այս շրջանը` Անարատ Յղութեան Կոյսի օրինակով թող խթանէ ձեզ, սրելի երիտասարդներ, ձեր Քրիստոսի հայելու ուղեւորութեան մէջ։ Ձեզի սիրելի հիւանդներ ըլլայ նորոգուած յոյսի նեցուկ եւ ձեցի համար, սիրելի նորապսակեալներ, ըլլայ ղեկ ձեր ընտանիքի կառուցման համար։

Ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յատուկ կոչ մըն ալ ուղղեց Գոնկողի Հանրապետութեան մէջ բախումներու դադարեցումին ի խնդիր։ Երկխօսութեան ու հաշտութեան հրաւէր մը ուղղելով միջազգային հասարակութենէն խնդրելով բնակչութեան կարիքներուն օժանդակել ։








All the contents on this site are copyrighted ©.