2012-12-05 14:47:42

Ոչ Եւս Է Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ՝ Հազիմ Պատրիարքը


Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը, որ վերջերս առողջական լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէր, երէկ վախճանեցաւ ուղեղի կաթուածի պատճառով:
92-ամեայ Հազիմ պատրիարքը 33 տարիէ ի վեր կը վարէ պատրիարքի պաշտօնը: Ան 1988-ին կոչուած է արաբներուն պատրիարքը, երբ ան Թաէֆի մէջ տեղի ունեցած իսլամական խորհրդաժողովին մասնակցած է իբրեւ քրիստոնէական պատուիրակութեան նախագահ:
Յոյն ուղղափառ համայնքի 157-րդ պատրիարքը` աւազանի անունով Հապիպ Հազիմ, ծնած է 1920-ին` Համայի մէջ: 1965-ին ան նշանակուած է Լաթաքիոյ առաջնորդ եպիսկոպոս, իսկ 2 յուլիս 1979-ին ընտրուած է Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարք:
Հազիմ պատրիարքին մարմինը երէկ կէսօրէ ետք Սեն Ժորժ հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Նիկողայոս եկեղեցի:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այցելեց Ս. Նիկողայոս եկեղեցի, ուր ան ցաւակցութիւն յայտնեց Հազիմ պատրիարքին վախճանումին աիթով: Ան շեշտեց, որ Հազիմ պատրիարքը եղած է իրաւունքի եւ ճշմարտութեան պաշտպանը եւ մինչեւ իր վերջին շունչը պայքարած է ի խնդիր իրաւունքին յաղթանակին:
Ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, որ շեշտեց, թէ Հազիմ պատրիարքին կորուստը մեծ է` ընդգծելով, որ ան երկխօսութեան եւ ազգային գոյակցութեան ջատագովն էր:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի գուժեց Հազիմ պատրիարքին վախճանումը` շեշտելով, որ անոր մահը կորուստ է արաբներուն եւ լիբանանցիներուն, որովհետեւ Հազիմ պատրիարքը չափաւորականութեան, համախոհութեան եւ երկխօսութեան զօրակցող հեղինակութիւն էր, որ կը հաւատար բոլոր կրօններուն միջեւ երկխօսութեան:
Միքաթի նախարարաց խորհուրդէն պահանջեց Հազիմ պատրիարքի յուղարկաւորութեան օրը ազգային սուգի օր հռչակել:
Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ կիրակի օր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ վախճանեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Դամասկոսի Մարիամական տաճարը:
Նշենք, որ Լիբանանի տարածքին գործող յոյն ուղղափառ համայնքի բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան հինգշաբթի, 6 եւ ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, Հազիմ պատրիարքի վախճանումին սուգին առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.