2012-12-05 14:43:33

Լիոնի Առաջնորդը Կը Խօսի ''Բազմակրօնութիւնը Եւ Կրօնական Անտարբերութիւնը ֆրանսայի Մէջ'' Նիւթին Մասին։


Լիոնի առաջնորդ` Կարտինալ ֆիլիփ Պարպէրէն, Հռոմի ֆրանսական մշակութային կեդրոնի մէջ դասախօսութիւն մը տուած է ''բազմակրօնութիւնը ֆրանսայի մէջ'' նիւթին մասին։ Ան վերակոչած է ֆրանսայի հաւատացեալներու մօտ տիրապետող յոյսի ու վախի զգացումները։ Լիոնի առաջնորդը մատնանշած է ''ֆրանսայի մէջ ականատես ենք միջկրօնական ու միջմշակութային լարուածութեան ու բռնութեան աճումին''։ Ան հաստատած է որ քրիստոնեաները վախի մէջ են եւ մէջբերած է օրինակը քահանայի մը որ հանրակարգին մէջ վարկաբեկուեցաւ որոհվետեւ կուրծքին վրայ խաչ մը կախած էր։
Կարտինալ Պարպէրէնի գնահատումով ''հանդրժողութիւնը'' տխուր բառ մըն է, ան կը նախընտրէ գործածել բարեկամութիւն ու եղբայրակցութիւն բառերը իսլամ թէ հրեայ կրօնապետերու հետ, մատնանշելով որ երկխօսութիւնը կարող է զարգանալ շնորհիւ փոխադարձ յարգանքի ու գնահատումի։
ֆրանսայի ներկայ ընկերութիւնը հաւատքի ծարաւէն կը տառապի, քրիստոնեաները կանչուած են արթուն մանլու ու նախանձախնդիր ըլլալու Աւետարանի ապրումին ու անոր քարոզութեան։Ժամանակը հնչեց որ ֆրանսայի քրիստոնեայ հասարակութիւնները արթննան ու դարձի գան - ըսած է Կարդինալ Պարպէրէն իր ունեցած զեկոյցի ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.