2012-12-05 11:52:40

Բողոքարշաւ Գահիրէի Մէջ։ Ցուցարարներու Եւ Ապահովական Ուժերու Միջեւ Բախումներու Լոյսին Տակ Նախագահ Մուրսի Կը Հեռանայ Նախագահական Պալատէն։


Բազմահազար ցուցարարներ, դէպի նախագահական պալատ քայլարշաւին ընթացքին, Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ բազմահազար ընդդիմադիրներ, Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հրապարակած սահմանադրական փաստաթուղթին դէմ բողոքի ցոյց մը կատարեցին, որմէ ետք քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ դէպի Իթթիհատիյա նախագահական Պալատը:
Ցուցարարները պալատ հասնելէ ետք փորձեցին ապահովական ուժերու հաստատած անցարգելները շրջանցել, որուն պատճառով երկու կողմերուն միջեւ ընթացք առաւ բախում մը եւ արձանագրուեցան բազմաթիւ վիրաւորներ:
Ապահովական ուժերը ցուցարարները ցրուելու համար օգտագործեցին արցունքաբեր կազեր:
Այնուհետեւ ցուցարարները սահմանադրական փաստաթուղթի չեղեալ յայտարարման պահանջը շրջանցելով վարչակարգին տապալումը պահանջեցին: Այս մթնոլորտին մէջ նախագահ Մուրսի հեռացաւ նախագահական պալատէն: Ցուցարարները մտադրութիւն յայտնեցին Թահրիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցող բաց նստացոյցը փոխադրելու նախագահական պալատ:








All the contents on this site are copyrighted ©.