2012-12-04 10:20:31

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը ։
Յուսա՞լ եւ Սպասել։


Անգամ մը եւս սկիզբ կ՛առնէ Յիսնակաց շրջանը։ Սպասումի եւ յոյսի ժամանակաշրջան դէպի Ս. Ծնունդ առաջնորդող։

Աշխարհի մէջ պակաս չեն այն հարցերը որ մեր խորհուրդի կարօտն ունին որպէս ճանապարհորդ մարդկութեան անդամներ եւ որպէս հաւատացեալներ։ Բաւ է ակնարկ մը նետենք մեր շուրջ։

Տնտեսական ճգնաժամ, անգործութիւն ու ապագայի անորոշ վիճակի եւ ծրագիրներ մշակելու անկարողութիւն։ Ընկերային եւ առողջապահական հարցեր։ Բախումներ ու բռնութիւններ` նման անոնց որ տեղի կ՛ունենան Սուրիայ, Մալի, Նիճէրիա, Գոնկօ, Սոմալիա, Աֆղանիստան, Իրագ եւ այլուր։ Ընկերային եւ քաղաքական լարուածութիւններ` ինչպէս Եգիպտոսի մէջ։

Յոյսի նշոյլները թէեւ չեն պակսիր ակայան դիւրաւ ակնյայտ չեն. Գուպայի մէջ` հաստատուած երկխօսութիւնը Գոլոմպիայի կառավարութեան ու ''ֆարգ''-ի արձակազէններու միջեւ։ Մակի մէջ Պաղեստինի վերաբերող քուէարկութիւնը մեզ կը հրաւիրէ հարց տալու եւ ապա յուսալու որ նոր սլացք մը տայ խաղաղութեան գործընթացին։

Այս յիսնականց շրջանը մեզի պէտք է օգնէ գտնելու` մեծ յոյսի շարժառիթներ որ մեզ ձերբազատեն անվստահութեան տիրապետութենէն։ Խորքին մէջ գիտութեան, քաղաքականութեան, դիւանագիտութեան եւ ներքին ու միջազգային ընկերային խաղաղութեան փնտռտուքի ջանքերը իմաստ ունին միմիայն անցնական ապաշխարանքի հիման վրայ եւ, ինչպէս կ՛ըսէ մեր Տէրը, խաղաղութեան գործիչներ դառնալով։ Ասոր նուիրելու ենք Յիսնակաց աղօթքի եւ յանձնառումի այս շրջանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.