2012-12-04 12:04:21

Հալէպի Մէջ Հայ Տիկին Մը Սպաննուած ։


Հալէպի Թելեֆոն Հաուայի թաղամասին մէջ պատահական փամփուշտ մը սպաննած է հայ տիկին մը։
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ մահացողը Մարիէթ Տոշօղլանեան-Պաճեքեանն է: Անդրադառնալով Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ կացութիւնը համեմատաբար հանդարտ է, կրակոցներու եւ պայթիւններու ձայներ կը լսուին ծայրամասերէն։ Նոր գիւղ հայկական թաղամասին մէջ եւս վերջին երկու օրերուն ընթացքին իրավիճակը աւելի հանդարտ է, սակայն ռմբակոծութիւնները կը շարունակուին թաղամասին մօտ գտնուող Պուսթան Պաշայի մէջ:
Ըստ անոր, տակաւին առկայ է արձակազէնի վտանգը, որ ամէն վայրկեան կրնայ մարդ «որսալ»։ Բախումները կը շարունակուին Հալէպի օդակայանի ճամբուն վրայ։
Ռէյիսեան նաեւ աւելցուցած է, որ Հալէպի մէջ ելեկտրականութեան ընդհատումները աւելի յաճախակի դարձած են։ Երկու օրուան ընդհատումէն ետք վերադարձած են համացանցն ու հեռաձայնը։ Ան դիտել տուած է, որ հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ բնակիչներուն առօրեան, ապրուստը աւելի կը դժուարանայ, եւ մարդիկ շատ դժուարութեամբ կը փորձեն իրենց կարիքները ապահովել։








All the contents on this site are copyrighted ©.