2012-12-04 10:20:22

Ծայռայեղ Մահմետականները Նախայարձակում Կը Կատարեն Հիւիսային Նիճերիոյ Քրիստոնեաներու Ու Եկեղեցիներու Դէմ` "Ալլահ ու Աքպար" Բացականչելով Կը Մորթեն Քրիստոնեաները։


Անցեալ մէկ դեկտեմբեր տասը քրիստոնեաներ մորթուած են Նիճերիոյ Շիպոք քաղաքին մէջ, կը տեղեկագրէ Լա Գրուա ֆրանսական օրաթերթը։
Ծայռայեղ մահմետականները 2 դեկտեմբերին յարձակում կատարած են ու այրած 3 եկեղեցիներ։ Այս բռնարարքներու ընթացքին երկու ոստիկաններ սպաննուած են։
Յայտնենք որ վերջին երեք տարիներուն շուրջ երեք հազար անհատներ սպաննուած են։ Ծայռայեղ մահմետականներու կէտնպատակն է իսլամական պետութեան մը ստեղծում մը հիւսիսային Նիճերիոյ մէջ։ Նիճերիան իր 160 միլիոն բնակիչներով, ամենէն աւելի բնակչութիւն ունեցող երկիրն է, քարիւղի առաջին արտադրողը։ Երկու մասի բաժնուած, հիւսիսային կողմը աւելի մահմետական են իսկ հարաւի մէջ մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.