2012-12-04 11:53:07

Բրիտանիա , Ֆրանսա ,Սպանիա եւ Շուէտ Իսրայէլի Ծրագրած Նոր Բնակեցման Վայրերու Ընդլայնման Որոշումին Հարցով՝ Իսրայէլի Դեսպանները Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կը Կանչեն։


Բրիտանիա ,Ֆրանսա,Սպանիան եւ Շուէտի Կառավարութիւնը իսրայէլացի դեսպանները արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեցին` իբրեւ բողոք Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերու մէջ երեք հազար նոր բնակարաններ կառուցելու Իսրայէլի որոշումին դէմ:
Բրիտանիա յայտնեց, որ իսրայէլեան քայլը կասկածի տակ պիտի առնէ «պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութիւն հաստատելու Իսրայէլի յայտարարած յանձնառութիւնը»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Իսրայէլի կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը եւ սպառնաց «ուժեղ հակազդեցութիւն» ցուցաբերել, եթէ բնակարաններ կառուցելու ծրագիրը յառաջ մղուի:
«Մենք կը դատապարտենք 3000 բնակարաններ կառուցելու եւ «Ի1» պլոքի զարգացումը ապասառեցնելու իսրայէլեան կառավարութեան վերջին որոշումը: Ասիկա երկու պետութիւն լուծումի գոյատեւումը կը վտանգէ»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Լալիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Փարիզի մէջ Իսրայէլի դեսպանը երկուշաբթի առաւօտեան արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ «Սքայ Նիուզ» Միջազգային Հեռուստակայանին յայտնեց, որ Փարիզ այս հարցով Իսրայէլի հետ «պատժամիջոցներու մտածելակերպին մէջ չ՛ուզեր մտնել»:
Նախապէս իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Բրիտանիա եւ Ֆրանսա Թել Աւիւի մէջ իրենց դեսպանները տուն կանչելու կարելիութիւնը կը քննարկեն:
Ֆրանսական կառավարութիւնը այդ զեկուցումը անկարեւոր նկատեց: Արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ «մեր անհամաձայնութիւնը արտայայտելու այլ ձեւեր կան»:
Շուէտ ու Սպանիա իրենց կարգին Իսրայէլի դեսպանները արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեցին :
Իսկ Ռուսիա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իսրայէլեան իշխանութեանց կոչ ուղղեց «հրաժարելու բռնագրաւուած պաղեստինեան հողամասերուն վրայ բնակեցման նոր վայրեր կառուցելու ծրագիրներէն եւ վերատեսութեան ենթարկելու Պաղեստինեան իշխանութեան սպասած տուրքերու եկամուտը սառեցնելու որոշումը»` նշելով, որ «իսրայէլեան այս որոշումները պատասխան էին ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի ՝՝Դէտի-Կարգավիճակով՝՝ Պետութեան մակարդակի բարձրացման»:
Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Սայպերթ յայտնեց, որ «Իսրայէլ բանակցելու իր կամքին նկատմամբ հաւատքը կ՛ականահարէ, իսկ պաղեստինեան ապագայ պետութեան աշխարհագրական տարածքը, որ երկու պետութիւն լուծման հիմնաքարը պէտք է ըլլայ, կը չքանայ»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն վստահութիւն յայտնեց, որ «եթէ իսրայէլեան կողմը, հակառակ այս բոլորին, կեանքի կոչէ իր ծրագիրը, ապա ատիկա մահացու հարուած պիտի ըլլայ Պաղեստինի հետ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթին»:
Բացի ատկէ, ընդհանուր քարտուղարը կողմերուն կոչ ուղղեց վերադառնալու բանակցութեան սեղանին շուրջ եւ կարելի եղածին չափ շատ ջանքեր գործադրելու հակամարտող կողմերը գոհացնող, արդար եւ կայուն խաղաղութիւն կնքելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.