2012-12-04 10:35:59

ԱՐԴԵՕ՞Ք ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՎԵՐՋՆ է :


Վերջերս յաճախ աշխարհի վերջին օրերուն մասին կը խօսինք եւ Յայտնութիւնը շատ մը շարժապատկերներու նիւթը եղած է : Ան շատերուն համար սարսափ կը պատճառէ իսկ ուրիշներ զայն կը նկատեն որպէս կեանքի երեւակայութիւն :
Աշխարհին վերջին օրերը եւ անոր հետ կապուած նիւթը՝ Աստուծոյ հաւատացող երեք կրօնքներուն մէջ գոյութիւն ունի : Հրեաները՝ Մեսիան կը սպասեն ժամանակնևրու վերջը, որ պիտի գայ վերահաստատելու համար Իսրայէլի Թագաւորութիւնը. ըստ Մահմետական կրօնքին համաձայն, Մեհտին պիտի գայ դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը, իսկ քրիստոնեաները Յիսուսի երկրորդ գալուստը կը սպասեն, որ պիտի փրկէ Իրեն հաւատացողները Վերջին Դատաստանի ժամանակ :
Աշխարհիս վերջի կապուած նախագաղափարները ենթայական են : Ուստի՝ առաջին քրիստոնեաները Հռոմէական կայսրութեան քայքայումը նկատեցին որպէս աշխարհին վերջը, մինչ մեր ժամանակակից պատմութեան ցաւալի դէպքերը, ինչպէս Վիեթնամի ահաւոր պատերազմը, ներշնչեցին նշանաւոր Ֆիլմի արտադրիչ՝ Ֆրանսիս Ֆօրդ Քոբոլայի իր Apocalypse now շարժապատկերին մէջ թէ աշխարհի վերջը հասած է :
Ըստ Սուրբ Գրքին, աշխարհիս վերջին օրերը պիտի ըլլան սարսափելի եւ լի չարաղէտ դէպքերով : Սակայն Աստուած՝ Իր անհուն ողորմութեամբ իր ընտրեալներուն համար պիտի կրճատէ այս տաժանելի դէպքր :
Աշխարհի վերջին հետ կապուած նիւթերը շատ են : Ուստի, Գորմաք Մագ Քարդիի La Route գիրքը կը բեմադրէ հայր մը եւ իր երեխայ որդին որոնք կը ջանան ապրիլ բճացած աշխարհի մը մէջ, ուր մարդկութիւնը վերադարձած է վայրենութեան եւ մարդակերութեան : Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, հայրը ցոյց կու տայ իր որդիին թէ ինչ էր աշխարհը կործանումէն աոաջ : Մանուկին «աշխարհին» մէջ կան երկու եղելութիւններ. մէկ կողմէն չարերը, գողերն ու մարդակերները որոնք «իրենց
մէջ բոցը չունին», միւս կողմէն կան բարիները իր հայրիկին պէս, որոնք ամէն կերպով կը ջանան ապրիլ՝ փոխանցելու համար բոցը մարդկութեան : Այս բոցը զոր կը նշենք Հաւատքն է, հաւատք մը Աստուծոյ մէջ որ իր ընտրեալները չի թողուր, այլ անոնց ուժը կու տայ պայգարելու բոլոր դժուարութիւններուն դէմ, որպէսզի զանոնք աոաջնորդգէ դէպի լաւագոյն կեանքի մը ափերը :
Աստուածաշունչը աշխարհի վերջին մասին կը խօսի, սակայն ճշգրիտ թուական չի տար : Ան նաեւ յոյսի խօսք մը կ'ընդգռկէ, քանի որ ան մարդէ՝ մարդու ուղղուած զրոյց մը չէ, այլ Աստուծմէ մարդկութեան ուղղուած պատգամաւորութիւն մըն է : եթէ Աստուած աշխարհի վերջը նախապատրաստած է եւ թէ միայն Ինք գիտէ անոր պարունակութիւնը եւ յանգումը, Իր նպատակը մարդկութիւնը սարսափեցնել չէ : Տէրը կը փափաքի որ մենք ապաշխարհենք եւ հաւատանք Իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ստանալու համար մեր մեղքերու քատւմը :
Սիրելի հաւացեալներ, ամբողջ սրտով կը փափաքիմ թէ Յիսուս ձեր կեանքին սկիզբն ու վերջը ըլլայ : Մոռնանք մեր մտայոգութիւնները եւ ապրինք ըստ մեր Տիրոջ պատուիրաններուն, որովհետեւ ով որ Յիսուսի կը հաւատայ եւ կ՚ապրի ըստ Իր պատուիրաններուն, պէտք չէ վախնայ ժամանակի վերջերէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.