2012-12-03 12:21:59

Սուրիոյ Պատերազմը։ Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ.


Դամասկոսի մէջ «Ազդակ» Օրաթերթի թղթակիցը խմբագրութեան հաղորդած է հետեւեալ տեղեկութիւնները.
«Շաբաթ օր երկու օր տեւած անջատումէ ետք համացանցային եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան կապերը վերսկսան գործել մայրաքաղաքի տարածքին:
«Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Դամասկոսի միջազգային օդակայանը կ՛աշխատի օրինաւոր կերպով եւ օդակայանի ճամբան ապահով է: Իսկ սուրիական օդանաւային ընկերութեան տնօրէնը հաստատեց, որ թռիչքները բնականոն են եւ կը շարունակուին ըստ որոշուած ծրագիրին:
«Մինչ այդ, Դամասկոսի տարբեր շրջաններուն մէջ կը լսուին թնդանօթի եւ պատերազմական օդանաւներու հարուածներու ձայներ: Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, բանակը զինուորական գործողութիւններու շարք մը իրականացուցած է` տարբեր արուարձաններու մէջ, ոչնչացնելով զինեալ ընդդիմադիրներու կեդրոնները: Իսկ երեկոյեան տարբեր արուարձաններու մէջ արձանագրուեցան սարքերու պայթումներ եւ արձակուեցան հրասանդի հրթիռներ:
«Մինչ այդ, երէկ մարտեր կ՛ընթանային զինեալ խմբակներու եւ բանակին միջեւ (Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններուն մէջ) սակայն մայրաքաղաքի կեդրոնը համեմատաբար բնական իր կեանքը շարունակած է.








All the contents on this site are copyrighted ©.