2012-12-03 14:06:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 3 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն շարք մը եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին.
Նորին Սրբութիւնը ապա Գոնչիսթորօ սրահին մէջ ընդունեց Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի տարեկան 27րդ լիանիստ համագումարի 40 մասնակցողները որոնք 3 - 5 դեկտեմբեր Հռոմի մէջ գումարած են իրենց ժողովը հետեւեալ բնանիւթով ''քաղաքական իշխանութիւն եւ տիեզերական իրաւասութիւն''։ Սրբազան քահանայապետը հուսկ ժամը 12,15 անց Գլեմենթինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Անգլիական Վարժարանի հասարակութեան 70 անդամներուն։
Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի ժողովականներուն ուղղած իր ճառին մէջ, սրբազան հայրը մատնանշեց թէ ՜՜ժողովը գոմարուած է Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, նոր աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աւարտին եւ Վատիկանեան տիեզեարկան Բ ժողովի 50-րդ տարեդարձին առթիւ՝՝։
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը Եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան լրացուցիչ մաս մըն է, ինչպէս մեզի սորվեցուցած էր երջ. ՅՊԲ Սրբազան Հայրը, ու ասոր համար ալ պէտք է զայն անհրաժեշտ նկատել ՜՜Նոր աւետարանութեան՝՝ համար։
Թէեւ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մեծ յառաջացումներ արձանագրած է մեր օրերուն, սակայն այժմէական մշակոյթը որ հիմնուած է օգտապաշտ-անհատապաշտութեան եւ թեգնոկրաթիք տնտեսութեան մը վրայ, որ կը մտի անհատը ստորադասել։ Այսօրուայ մարդը յաճախ կղզիացած է, նոյնիսկ եթէ յարաբերութիւններու եւ հաղորդութեան անհուն ցանցերու մէջ կ՛ապրի։ Շատ մը նոր գաղափարախօսութիւններ կը միտին մարդը նկատել որպէս փոքրագոյն բարիք մը, մինչ իրականութեան մէջ մարդ արարածը արարչութեան մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ , եւ Քրիստոնէութեան համար աշխատանքը նկատուած է ՜՜հիմնական բարիք մը՝՝ որ մարդը կը լիացնէ ու այս առնչութեամբ է որ բոլորին աշխատանք հայթայթելը առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն մըն է։
Ընկերային նոր աւետարանութենէն յառաջ կու գայ ՜՜նոր մարդկայնապաշտութիւն եւ մշակութային ծրագրուած նոր յանձնառում՝՝ օգնելու մարդը որ վերագտնէ եղբայրութեան եւ զօրակից սիրոյ արժէքները։ Յիսուս այս մէկը համառօտած էր նոր պատուիրանի մը մէջ ''սիրեցէք զիրար այնպէս ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝՝։ Հոս է ահա գաղտնիքը ընկերային կեանքին որ լիութեամբը խաղաղ ու մարդկային է։ Եկեղեցին պարտականութիւնը չ՝ունի իրաւական կամ քաղաքական թերադրութիւններ տալու, սակայն այս մարզերուն մէջ պատասխանատութիւններ ունեցողներուն կ՛առաջարկէ խորհրդածութեան սկզբունքներ, վճիռներու չափորոշիչներ եւ կամ գործնական ուղեգիծեր, կարող առաջնորդելու մարդաբանական եւ բարոյագիտական կառոյցները դէպի հասարակաց բարիք։
Սրբազան Հայրը իր ճառը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական Խորհուրդին ու բարի աշխատանք մաղթեց ժողովականներուն հայցելով անոնց վրայ Ս. կոյս Մարիամի հովանին, որպէսզի ( ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ Ան՝ Տիրամայրը ''առաջնորդէ մեզ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հռչակումին, մեր վկայութեան մէջ, ու նոր աւետարանացումը ազդու դարձնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.