2012-12-03 15:38:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ինքնագիր Թուղթը Եղբայրօգնութեան Կիրակումի Մասին. Եղբայրսիրական Օգնութիւնները Կանչուած Են Յարգելու Կաթողիկէ Հաւատքը։


1 Դեկտեմբեր 2012, Ս. Աթոռի մամուլէն հրապարակուած ինքնագիր թուղթով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ շարք մը ցուցմունքներ, որոնք կը հային ՜՜եկեղեցւոյ մէջ եղբայրօգնութեան կիրակումի եղանակներուն՝՝ ։ Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ յատկապէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութեան յարգանքը այդ մարզին մէջ աշխատողներուն։ Սրբազան Հօր համար եղբայրօգնութիւնը Եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւններէն մէկն է, քանի որ անբաժան մէկ մասն է անոր առաքելութեան ։ Ասոր համար Սրբազան Հայրը կարեւոր կը նկատէ որոշ օրէնսդրութեամբ բնորոշել բարեսիրական մարմիններու սպասաւորութեան եղանակները, որոնք սերտօրէն առնչուած են եկեղեցւոյ ու եպիսկոպոսական դասի սպասարկութեան բնութեան։
Ինքնագիր թուղթին առաջին յօդուածը կը սահմանէ որ բոլոր հաւատացեալներու իրաւունքն է ընկերակցիլ կամ հիմնել բարեսիրական յատուկ մարմիններ, պայմանաւ որ անոնց կանոնագիրքը ենթարկուի եկեղեցական իշխանութեան արտօնութեան։ Այլ յօդուածին մէջ ինքնագիր թուղթը կը խօսի եպիսկոպոսի պատասխանատուութեան` ի գործ դնելու եղբայրօգնութեան մարմին մը, երաշխաւորելու Աւետարանի վկայութիւնը եւ հսկելու բոլոր անոնց վրայ որոնք կը գործեն եկեղեցւոյ եղբայրօգնութեան հովուութեան ծիրեն ներս։ Անոնք, բացի իրենց ձեռնահասութեան, պարտին ըլլալ նաեւ վկանները քրիստոնէական կեանքի ապրելակերպին։








All the contents on this site are copyrighted ©.