2012-12-03 15:38:38

Մեսրոպեանի Աշակերտուհին Պէյրութի Մին Դպրոցական ՜՜ՊԱՅԱՆ՝՝ Մրցանքին' Ա. Դիրքը Գրաւած։


Ուրբաթ 30 Նոյեմբերին, Կոկիկեան հիմնարկի կազմակերպած արաբերէն շարադրութեան «Պայան» մրցանքին առաջին դիրքը գրաւեց Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհի Սանտրա Չէօլմէքեանը, որ գրած էր փտածութեան երեւոյթին մասին տպաւորիչ գրութիւն մը: Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 12 լիբանանահայ վարժարաններէն աշակերտներ: Այս իրագործումը արդիւնքն է աշակերտ - ծնողք - ուսուցիչ - տնօրէնութիւն գործակցութեան եւ կազմակերպուած ու հետեւողական աշխատանքին: Նշեալ չորս օղակներէն մէկուն գործնական առումով բացակայութիւնը բաւարար է, որ գործը ձախողի կամ ամբողջական կերպով չիրագործուի:









All the contents on this site are copyrighted ©.