2012-12-03 15:45:36

Մեծն Պրիտանիա. Միջին Արեւելքի Յատկացուած Աղօթքի Օր։


4 դեկտեմբերին Անգլիոյ Կաթողիկէ եկեղեցին կազմակերպած է աղօթքի յատուկ օր մը, նուիրուած` միջին արեւելքին, ի տես նաեւՍուրիոյ տագնապալից վիճակին։ 4 դեկտեմբերի թուականի ընտրութիւնը պատահական չէ այլ կապուած է օրուան Սուրբին տօնախմբութեան` Սուրբ Յովհաննէս Դամասկացի-ին որ ծնած էր Դամասկոսի մէջ 675-ին եւ մահացած 749 Երուսաղէմ։ ''Ան - կը գրեն անգլիոյ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները - կը ներկայացնէ հնագոյն եկեղեցւոյ կապը այժմու միջին արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութեան հետ ու անոնց խաղաղութիւն կերետլու կոչումը ։
Եպիսկոպոսները հուսկ յոյս կը յայտնեն որ Սուրբ Յովհաննէս Դամասկացին ներշնջէ քրիստոնեաները, մահմետականներն ու հրեաները աշխատելու հաշտութեան ու արդարութեան հաստատումին ի սպաս։ Տիրոջ բարցրացուցած իրենց աղօթքին մէջ Եպիսկոպոսները կը յայցեն որ ''անոնք որ սրտով միացած են, շարունակեն յարատեւել բարիին մէջ ու անոնք որ բախումներու մէջ են կարենան մոռնալ չարութիւնը ու դարմանեն իրենց վերեքերը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.