2012-12-03 12:25:54

«Մանկական Եւրատեսիլ 2012» Մրցումին Հայաստան Երրորդ Կը Հանդիսանայ։


Ամսթերտամի «Հէյնիքեն» համերգասրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրատեսիլ 2012» Երգի Մրցումը:
Հայաստանը 8-րդ համարին ներքեւ ներկայացուցած «Քոմփաս Պենտ»-ը իր «Սուիթի Պէյպի» երգով գրաւեց 3-րդ տեղը` հաւաքելով 98 միաւոր: Առաջին տեղը գրաւեց Ուքրանիան ներկայացնող Անասթասիա Փեթրիք «Երկինք» երգով (138 միաւոր), իսկ երկրորդ տեղը գրաւեց Վրաստանի «Ֆանքիտզ» խումբը «Ֆանքի Լեմոնատ» երգով (103 միաւոր): Հայաստան 12 միաւոր ստացաւ Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն, միաւոր չստացաւ միայն Ազրպէյճանէն: Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի մրցումը տեղի ունեցած էր Հայաստանի մէջ, ուր յաղթական կը հռչակուէր վրացական «Քենտի» խումբը «Քենտի միուզիք» երգով:








All the contents on this site are copyrighted ©.