2012-12-02 10:41:55

Սուրբ Պետրոսի Մէջ Ժամասացութեան Արարողութիւն Հռոմի Եւ Քահանայապետական Համալսարաններու Ուսանողներու Մասնակցութեամբ։


Շաբաթ 1 դեկտեմբերի յետ միջօրէին Հռոմի Թեմի Համալսարանականներու Հովութեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ, ի պատրաստութիւն Սուրբ Ծննդեան տօնախմբութեան, տեղի ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ ժամասացութեան արարողութիւն մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 5 հազար համալսարանականներ։
Ժամասացութեան ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ընգծեց թէ ''ուսանողները միայնակ չեն'' ու անդրադառնաելով Սուրբ Պօղոսի Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած Ա. նամակին հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ բոլոր ուղեւորութեան նպատակն է ապրիլ եւ վերագտնել Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը որ քարայրի մէջ կը յայտնուի մանուկի մը դիմագիծով''։
Ապա համալսարանականներուն յայտնելով իր մօտիկութիւնը ըսաւ ''կ՛ապրիք ձեր կեանքի պատրաստողական շրջան մը, ըլլայ եկեղեցւոյ, ըլլայ հասարակաց ծառայութեան ի սպաս մեծ ընտրանքի մը առջեւ''։ Այս շրջանին ընթացքին վստահ եղէք թէ միայնակ չէք, ձեզի հետ են ուսուսչական կազմի անդամները, ձեր դաստիարակներն ու հոգեւոր հայրերը...ձեզի հետ է նաեւ Սրբազան Քահանայապետը'' - աւեցլուց - Նորին Սրբութիւնը ու ապա անդրադարձաւ Նոր աւետարանութեան նիւթին ըսելով ''Սիրելի բարեկամներ կ՛ապրինք ժամանակաշրջան մը ուր յաճախ կը հանդիպինք Աստուծոյ հանդէպ անտարբերութեան զգացումներուն'' սակայն կը կարծեմ թէ շատերուն մօտ կայ անհունի եւ վերանցականի կարօտը։Ձեզի կը մնայ ըլլալ Աստուծոյ վկաները ձեր համալսարաններէն ներս''։ Սրբազան հայրը հրաւիրեց ուսանողները խորհրդածելու Հաւատոյ Տարուայ մասին ու ապա ակնարկեց յառաջիկայ 2013-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան որուն ընթացքին - ըսաւ Ան - ''պիտի յայտնուի Աստուծոյ հաւատարմութեան պատմական պտղաբերութիւնը'' ։
Նշենք որ ժամասացութեան ու աղօթքի հանդիպման բացումը կատարեց Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ակոսդինօ Վալլինին։ Իսկ արարողութեան աւարտին Հռոմի ''Roma Tre'' համալսարանի ուսանողներու պատուիրակութիւն մը ''Պէլօ Հորիզոնդէյի'' Պրազիլցի ուսանողներուն յանձնեց համալսարանականներու պահապան սրբուհի ''Մարիամ Աթոռ Իմաստութեան'' սրբապատկերը, ի տես Պրազիլի մէջ նշուելիք 2013-ի երիտասարադաց համաշխարհային օրուան ։







All the contents on this site are copyrighted ©.