2012-12-02 10:42:04

Նոր Երանելի Մը։ Տէվասահաեամ Փիլլաի։ Առաջին Հնդիկ Աշխարհականը Խորաններու Պատւոյն։ (2 Դեկտեմբեր 2012) ։


Ինտու կրօնքին պատկանող Տէվասահաեամ Փիլլաի 18-երորդ դարուն կ՝ընդունի Քրիստոնէութիւնը ։ Թրավանքորէ Վարմա կոչուած Թագաւորի Արքունիքին մէջ պաշտօնատար մը ըլլալով,կը ծանօթանայ Հոլլանտացի նաւային Հրամանատար Գնդապետ Էուսդաքիօ Տը Լաննոյին, եւ անկէ մեծապէս կը տպաւորուի,ուստի կ՝որոշէ դարձի գալ քրիստոնէութեան 1745ին։ Իրեն կը հետեւին նաեւ իր ընտանիքի մեծաթիւ անդամները ։ Մեծ հաւանականութեամբ իր ու իր ընտանիքի Քրիստոնեայ դառնալը պատճառ կըլլայ որ Հինտու կրօնաւոր մը զինք ամբաստանէ ՝՝թագաւորը դաւաճանած ըլլալով՝՝. Այս անուանարկումը կը հանդիսանայ դրդապատճառ անոր վտարումին Արքունիքէն,մեկուսացումին եւ խոշտանգումին։ Կը սպաննուի 1752ին հաւանաբար թագաւորի զինուորներուն կողմէ։
Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գոթթար-ի մէջ (Հնդկաստան) հանդսիաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին,գլխաւորութեամբ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ-ի Սուրբերու Դատ Ժողովի Կառավարիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.