2012-12-02 12:42:07

Գ. Կիրակի Առաջաւորի
Յովհ. Զ, 59-72


«Այս է այն հացը՝ որ երկինքէն իջած է, չի նմանիր մանանային, զոր ձեր հայրերը կերան ու մեռան, ով որ ուտէ այս հացը՝ յաւիտեան պիտի ապրի»:
Յիսուս այս խօսքերն ըսաւ Կափառնաումի ժողովարանին մէջ՝ քարոզելու ատեն: Այս խօսքերով Ան կ՛ակնարկէ Ս. Հաղորդութեան վսեմ խորհուրդին, երկնային հացին եւ զայն կը բաղդատէ մանանային հետ, որ Աստուած կը տեղացնէր երկինքէն՝ կերակրելու համար անապատին մէջ Իսրայէլի ժողովուրդը: մանանան կերողները սակայն մեռան, ընդհակառակն Ս. Հաղորդութեամբ սնացողները յաւիտեան պիտի ապրին, որովհետեւ առաջինը այսինքն մանանան՝ մարմնաւոր կերակուր էր, իսկ երկրորդը՝ պարգեւատու անմահութեան:
Հոգին ալ կրնայ մեռնիլ մահացու մեղքով, բայց ով որ կը կերակրուի երկնային, գերբնական հացով՝ մասնաւոր շնորհք կը ստանայ, հոգեւորապէս կը զօրանայ, այնպէս որ ծանր մեղք չի գործէր: Ուստի Ս. Հաղորդութիւնը ազդու միջոց մըն է Աստուծոյ շնորհքին մէջ յարատեւելու, որովհետեւ առանց անոր մարդս իր սովորական տկարութեամբը, դիւրաբեկութեամբը ուժ չունենար փորձութիւններուն դիմադրելու եւ դիւրաւ մեղքի մէջ կ՛իյնայ ու կը կորսնցնէ Աստուծոյ սրբարար շնորհքը, որ հոգւոյն գերբնական կեանքն է:
Ասկէ կը յառաջանայ անհրաժեշտութիւնը հոգին սնուցանելու Ս. հաղորդութեամբ, հրեշտակաց հացովը, ան ալ յաճախ եւ նոյնիսկ ամէն օր: Եթէ մարմինը պէտք ունի ամէն օր սնունդի, առաւել եւս հոգին, որուն կը սպառնան յարատեւ բազմաթիւ վտանքներ եւ փորձութիւններ:
Բայց Ս. Հաղորդութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Քրիստոսի մարմինը, զոր մարդիկ ճաշակելու են՝ եթէ կ՛ուզեն ապրիլ եւ ապրիլ յաւիտեան: Ան մեծ խորհուրդ մըն է, զոր քիչերը կ՛ըմբռնեն անոր գերագոյն իմաստը, եւ այս պատճառի համար անկէ կը հեռանան, ինչպէս պատահեցաւ, երբ Յիսուս կը ճառէր այս երկնային հացին մասին: «Աշակերտներէն շատերը ետ քաշուեցան եւ այլեւս անոր հետ չէին շրջեր» կը գրէ Յովհաննէս Աւետարանիչը: Նիւթապաշտ ունկնդիրները նիւթական իմաստով առնելով Յիսուսի արտասանած խօսքերը, կարծեցին թէ Յիսուսի մարմինը պատառ պատառ պիտի ճաշակէին արիւնաթաթաւ:
Ս. Հաղորդութիւնը մեծ խորհուրդ մըն է անըմբռնելի եւ եթէ հաւատք չունենայինք պիտի դժուարանայինք ընդունելու այսպիսի խորհուրդ մը, այսպիսի պարգեւ մը, որուն ամէն տեսակ բարիքի, ամէն տեսակ շնորհքի աղբիւրն՝ ինքն է: Փառք տանք Աստուծոյ հազար փառք որ մեզ արժանի կը դարձնէ կերակրուելու իր Աստուածային մարմինէն եւ ըմպելու իր Սուրբ արիւնը: Ամէն օր մենք երջանկութիւնն ունինք ընդունելու մեր Տէրը, մեր պաշտելի Փրկիչը մեր սրտերուն մէջ ՝ սնանելու համար այս կենսապարգեւ հացով, որ մեր հոգիներուն կերակուրն է: Ամէն անգամ որ կը մօտենանք սուրբ սեղանին, ջանանաք խոր եւ կենդանի հաւատքով եւ լաւագոյն պատրաստութեամբ մերձենալու Աստուծոյ սեղանին՝ սնանելու համար Աստուածապարգեւ երկնային հացով:
Թող Յիսուս բորբոքէ մեր սառուցեալ սրտերը իր Աստուածային սիրով կրակովը, որպէսզի ծարաւի եղջիւրներու նման՝ վազենք դէպի իր Սուրբ խորանը սնանելու համար մեզի պարգեւած երկնային հացովը:
Օրհնեալ ըլլայ միշտ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Ս. Հաղորդութեան վսեմ խորհուրդին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.