Սուրիահայերու Օգնութեան Նպատակով՝Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հանդիպում Ռոտի Քրացա-Ցանկարոփուլօ-ի
Հետ։
29 նոյեմբերին, Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանին մէջ Հայաստանի Ազգային
ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Օգնիր Եղբօրդ» հասարակական
կազմակերպութեան համադրող Վահան Յովհաննիսեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի
գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի, աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան,
Եւրոպական խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, Եւրոպայի Ժողովրդային կուսակցութիւն խմբակցութեան
անդամ Ռոտի Քրացա – Ցանկարոփուլուի հետ: Քրացա մօտէն կը զբաղի Սուրիոյ մէջ մարդասիրական
օգնութեան կազմակերպումով եւ առաքումի աշխատանքով` գործակցելով Եւրոպական Միութեան պատկան
սպասարկութեանց հետ: Յովհաննիսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ հայութեան դիմագրաւած
դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայերու ներկայ իրավիճակը:
Ան դիմեց Քրացայի օժանդակութեան, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած մարդասիրական օգնութիւնը
տրամադրուի նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն: Քրացա
խոստացաւ իր կարելին ընել` մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու համար, միաժամանակ
տալով կարգ մը ցուցմունքներ` առնուելիք քայլերուն համար, որպէսզի երկուստեք կատարուելիք
աշխատանքը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ: Հանդիպման ընթացքին Քրացա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն
մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին հետ` տեղեկացնելու անոր այս հանդիպման
մասին, եւ թէ Պրիւքսելէն ու Երեւանէն կապ պիտի հաստատուի իրեն հետ, եւ խնդրեց, որ առաւելագոյնը
հայկական կողմին հետ գործակցութեան ընթացքին: «Վահան Յովհաննիսեանի Եւրոպական խորհրդարան
աշխատանքային այցելութիւնը լաւագոյն առիթն էր այս հանդիպումը կայացնելու, որովհետեւ թէ՛
Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ՛ մենք, առիթը ունեցանք փոխանցելու յաւելեալ տեղեկութիւններ,
ներկայացնել առաջարկներ եւ համագործակցութեան եզրեր որոնել: Այսպիսով կը շարունակենք
Պրիւքսելի մէջ արդէն սկսած քաղաքական մեր հանդիպումները` առաւելագոյն օգնութիւնը բերելու
մեր հայրենակիցներուն ֆիզիքական անվտանգութեան եւ մարդասիրական օժանդակութեան ապահովման
համար», շեշտեց Գասպար Կարապետեան: