2012-12-01 12:27:42

Սուրբ Պետրոս Հրապարակի Ծնունդի Տօնածառը։


Սուրբ Պետրոս Հրապարակի այս տարուայ Ծնունդի Ծառը Սրբազան Հօր կը նուիրէ Իտալիոյ Մոլիզէ Մարզը,որ պիտի զետեղուի ինչպէս ամէն տարի Հրապարակի Մեծ Մսուրին քով նուէրը՝ Իտալիոյ Պազիլիքաթա Մարզի։
24 մեթր բարձրութիւն ունեցող Եղեւին 5 Դեկտեմբերին ճամբայ պիտի ելլայ դէպի Հռոմ
՝՝Էրիքսոն՝՝ տիպի ուղղաթիռով մը հասնելով Սանկրօ կոչուած հովիտը, ուրկէ 30 մեթր երկարութիւն ունեցող ծանր բեռնակառք մը ,ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ Եղեւին պիտի հասցնէ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը։
Յետ Տօնածառի յարդարանքին զարդագնդակներով ու լոյսերով , տեղի պիտի ունենայ լուսաւորումի յատուկ արարողութիւնը 14 Դեկտեմբերի յետ միջօրէին։








All the contents on this site are copyrighted ©.