2012-12-01 12:09:59

Ս. Թադէոս եւ Ս Բարդողոմէոս Առաքեալներու Մասունքները Էջմիածնի Մայր Տաճար Բերուած։


Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, մէկ Դեկտեմբերին տօնախմբեց Սրբոց Թադէոս ու Բարդողոմէոս առաքեալներու յիշատակը։
Այս առթիւ Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի մէջ, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։
Տօնի նախօրէին՝ նոյեմբեր 30-ին, տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Միածնաէջ Տաճար բերուեցան Մայր Աթոռ պահուող՝ Ս Թադէոս եւ Ս Բարդողիմէոս լուսաւորիչ առաքեալներու մասունքները։
Սրբազան մասունքները, հաւատացեալ ժողովուրդի բարեպաշտութեան համար, Մայր Տաճարի մէջ կը պահուին մինչեւ շաբաթ օր՝ 1 դեկտեմբերի՝ Ս Պատարագի արարողութեան աւարտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.