2012-12-01 13:13:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Կ.Պոլսոյ Պատրիարքին Ս. Անդրէաս Առաքեալի Տօնին Առթիւ։


Կ.Պոլսոյ տիեզրական պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ` Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եղբայրական պատգամ մը ուղղած է յոյն օրթոտոքս Բարդողոմիոս Ա.ին։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մէջ այլոց կը գրէ - ոգեւորուած եղբայրական ցնծութեան խոր զգացումներով կ'իւրացնեմ Պօղոս առաքեալի սա մաղթանքը. ''թող Քրիստոս բնակի ձեր սրտերուն մէջ...''
Այս օրհնաբեր տօնին առթիւ կը բաղձամ վերանորոգել անկեղծ բարեկամութիւնը որ գոյացաւ մեր միջեւ, որ պտուղն է մեր միատեղ տեսութեան ու պատասխանատուութեան հովուելու Աստուծոյ ժողովուրդը։ Ասիկա մեծ յոյսի առիթ մըն է միշտ աւելիով զարգացնելու սերտ համագործակցութիւն մը, լաւագոյն աւետարանական վկայութիւն մը տալու աշխարհին։
Այսօր կանչուած ենք բազմազբաղ ու ցրուած ժամանակակից մարդոց հաղորդելու Աստուծոյ գթառատ սէրը։ Եկեղեցին ուրիշ պատգամ մը չունի եթէ ոչ ''Աստուծոյ Աւետարանը'', եւ զայն ճանչցնելու ուրիշ եղանակ մը չունինք եթէ ոչ ''առաքելական քարոզութիւնը'', զօրացած ու երաշխաւորուած Աստուծոյ ժողովուրդի հովիւներու սրբակենցաղ վկայութեամբ։ Տ էրը մեզի ըսաւ. ''հունձքը առատ է'' եւ մենք կարող չենք զայն կորսնցնել մեր տկարութեան ու բաժանումներու հետեւանքով - գրած է Սրբազան Հայրը ու մատնանշած ''Այսօր ձեր մատուցած ծիսակատարութեան ընթացքին աղօթեցիք աշխարհի խաղաղութեան համար, Եկեղեցիներու բարօրութեան ու միութեան համար։ Կաթողիկէ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը միանամ ձեր աղօթքին։ Կատարեալ միութիւնը, որուն ամէնքս կը ձգտինք, Աստուածային շնորհք մըն է, ''որուն ներգործող զօրութիւնը մեր մէջ կարող է ընել անհունօրէն աւելի քան ինչ որ մենք կարնանք խնդրել եւ հասկնալ''։ Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք կատարեալ միութեան համար խնդրելով բարեխօսութիւնը ս. Անդրէաս առաքեալի ու անոր եղբօր ս. Պետրոսի։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամը կ'եզրափակէ ըսելով. այս անկեղծ զգացումներով, կը վերանորգեմ իմ ջերմ մաղթանքներս ու ձեզի հետ կը փոխանակեմ եղբայրական ողջագուրումը։
Նշենք որ ամէն տարի. Պետրոս առաքելապետի ու ս. Անդրէաս առաքեալի տօներու առթիւ, պատուիրակութիւններու փոխանակում տեղի կ'ունենան Ս. Աթոռի եւ Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.