2012-12-01 12:58:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Կրկէսի Եւ Գեղարուեստի Աշխարհի Հետ Հանդիպում։


Շաբաթ 1 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն կարգ մը եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Ժամը 12-ին, Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ, Սրբազան քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Կրկէսի եւ գեղարուեստի աշխարհի մէջ գործող 7000 անդամներուն, որոնք երկու օրուայ ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ եւրոպայի զանազան քաղաքներէն ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներէն։

Հուսկ յետ միջօրէի ժամը 17,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ, Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը Հռոմի եւ քահանայապետական համալասարաններու աշակերութեան եւ ուսուցչական կազմի մասնակցութեամբ։


Կրկէսի եւ գեղարուեստի աշխարհի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Գաղթականութեան եւ Թափառաշրջիկներու Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Վէլիոյին որ այս հանդիպումը կազմակերպած էր, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի, Հռոմի թեմի եւ ''Միկնարդէս'' Հիմնարկի համագործակցութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտնեց որ հանդիպումը կազմակերպուած է Հաւատոյ Տարուայ ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս որ առիթ մըն է ''բացայայտօրէն դաւանելու` մեր Տիրոջ Յիսուսի հանդէպ Հաւատքը ։''

Ձեր մեծաթիւ ընտանիքը յատկանշող երեւոյթներէն մին է արուեստի յատուկ լեզուի օգտագործումը։ Գեղարուեստական ներկայացումներու զուարճութիւնն ու ուրախութիւնը, բեմայարդարումներու շնորհքը եւ երաժշտութեան կշռոյթը, հաղորդակցութեան անմիջական ճանապարհ մը կը ներկայացնեն մեծերու ու փոքրերու հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու, արծարծելովներդաշնակութեան, ուրախութեան եւ անդորրութեան զգացումներ։

Սիրելի բարեկամներ, ճիշդ ձեր այս յատկանշանակութեան ու ձեր ոճովի բերումով է որ դուք կանչուած էք վկայելու ձեր աւանդութեան մաս կազմող արժէքները. ''Ընտանիքի հանդէպ սէր, փոքրերու հանդէպ հոգատարութիւն, անկարներու հանդէպ ուշադրութիւն, հիւանդներու հոգածութիւն եւ տարեցներու ու անոնց փորձառութիւններու արժէւորում։ Ձեր միջավայրին մէջ կը պահպանուի սերուդներու միջեւ երկխօսութիւնը, բարեկամութեան իմաստը եւ խմբային աշխատանքի գեղեցկութիւնը։ Ինչպէս նաեւ հիւրընկալութեան եւ հիւրասիրութեան գաղափարականը։ Կը ճանչնամ նաեւ ձեր թափառաշրջիկ կեանքի հետ կապուած հարցերը ու կը քաջալերեմ ձեր գոծունէութիւնը, յոյս յայտնելով որ քաղաքացիական իշխանութիւնները գիտնան արժէւորել մշակոյթի եւ ընկերութեան տուած ձեր նպաստը։

Սիրելի եղբայրներ ու Քոյրեր, Եկեղեցին ինք եւս ձեզի նման ուխատւոր է այս աշխարհի վրայ եւ ձեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու իրեն առաքելութեան ձեր առօրեայ կեանքի աշխատանքի միջոցաւ։ Ամէն մարդու արժանապատութիւնը կ՛արտայայտուի իր պատուաւոր աշխատանքի գործադրումի ընդմէջէն։ Ձեր աշխարհին մէջ ալ նոր աւետարանութեան կարիքը կայ, յոյս կը յայտնեմ որ ձեր հոգեւոր պէտքերը հոգատարող անձեր չի պակսին եւ մի մոռնաք որ ընտանիքը ''հաւատքի փոխանցման առաջին վայրն է, փոքր եկեղեցի մը` կանչուած Յիսուսը ու Անոր աւետարանը ճանչցնելու։'' Ձեր ընտանիքները ըլլան հաւատքի եւ ողորմութեան դպրոցներ ու հաղորդութեան ու եղբայրութեան մարզասրահներ։

Եզրափակելով խօսքը, Սրբազան Հայրը, յայտնեց եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը ու ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի զանոնք առաջնորդէ կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին ու ապա ներկաներուն ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.