2012-12-01 12:08:41

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան եւ Գերյարգելի Հ Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հայաստանի Անձնագիր Ստացան։


Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Արեւելեան թեմերու Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանուր աթոռակալի տեղապահ՝ գերյ. Վահան Ծ. վրդ. Օհանեան, ստացան Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրները:
Հայաստանի նախագահին արտօնութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան վերապահուած է հայ ազգի արժանի զաւակներուն եւ նշանաւոր գործիչներուն Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրներ յանձնելու կարելիութիւնը: Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ անձնագիրները յանձնեց հոգեւորականներուն, բարձր գնահատելով հայր Ռաֆայէլի գործունէութիւնը՝ մասնաւորաբար վերջերս Զմմառի միաբանութեան Մատենադարանի եւ մշակութային կեդրոնի բացման եւ հանդիսաւոր արարողութեան կազմակերպման իմաստով, նշած է. «Յատկապէս վերջին մէկ տարուայ ընթացքում հայր Ռաֆայէլը նոր որակ, նոր շունչ հաղորդեց ինչպէս կաթողիկէ եկեղեցու եւ պետութեան, Առաքելական եկեղեցու, այնպէս էլ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնների զարգացմանը: Նա ազգին ու մշակոյթին նուիրուած անհատականութիւն է»: Նախարար Յակոբեան անդրադարձած է նաեւ նախարարութեան հետ անոր ունեցած մնայուն համագործակցութեան, որ սկիզբ առած է իտալերէն-հայերէն բառարանի վերահրատարակումէն, իսկ վերջերս լոյս տեսած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ 1890-1914 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող բոլոր հրապարակումներուն ժողովածուն՝ «Հայերը օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին» վերնագիրով։ Սփիւռքի նախարարը ապա Հ. Վահան Ծ. վարդապետ Օհանեանին յանձնելով Հայաստանի անձնագիրը ըսաւ. «Մխիթարեան Միաբանութիւնը մեր ազգի հպարտութիւնն է: Սեբաստացու գործը նրա աշակերտները սիրով, ոգեւորութեամբ շարունակում են արդէն երեք հարիւր տարի, շարունակողներից մէկն էլ Հայր Վահանն է, ով իր գրիչն ու միտքը նուիրել է հայոց պատմութեանը»։ Իր կարգին Հ. Վահան ստանալով Հայաստանի անձնագիրը՝ նշած է, որ հազուադէպ կը պատահի, որ ինք այդքան բացայայտօրէն կը յուզուի։ «Մենք պարտաւոր ենք նուիրուելու, հալելու ազգին ծառայելու գործի մէջ: Երազ էր անկախ հայրենիքը, եւ մենք միայն կարօտով կ՛երգէինք Հայաստանի անկախութիւնը, ոչ մէկս կրնար երազել, որ օր մը պիտի ապրինք անկախ երկրի մէջ, ունենանք անկախ Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր»:
Ան երախտագիտութիւն յայտնած է իրենց ընծայուած բացառիկ առիթին համար. «Ես վաղուց կը փափաքէի Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր ունենալ։ Ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր ունենալը: Հայրենիքը միշտ իմ սրտիս մէջ եղած է, յատկապէս, որ կ՛ապրիմ Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ»: Հոգեւորականները յուզումով ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ՝ հանդիսաւոր երդում տուած են անձնագիրներու ստացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.