2012-12-01 12:17:30

«Եւրոպայի Վերջին Փակ Սահմանը Պէտք Է Բացուի Անմիջապէս Եւ Առանց Նախապայմանների». Կ՝ըսէ Սերժ Սարգսեան.


Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան եւ Արեւելեան Գործընկերութեան Առաջնորդներու Տարածաշրջանային 2րդ Գագաթնաժողովը սկսած է 30 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ։
Երեւանեան Գագաթնաժողովին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի նախագահ, ՀՀԿի ղեկավար Սերժ Սարգսեան, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի, Մոլտովայի վարչապետ Վլատիմիր Ֆիլատը, ԵԺԿի նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենս-ը եւ Եւրայանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարրոզօ-ն:

Այս առիթով ողջունելով բոլոր ներկաները՝ Հայաստանի նախագահը նշած է, որ նախորդ տարի հայաստանեան երեք կուսակցութիւններու անդամակցութիւնը ԵԺԿին մեծ նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն էր: «Եւրոպական մերձեցման կարեւորագոյն նպատակներից մէկը մեր ժողովուրդների, հասարակութիւնների, անհատների միջեւ շփումների խթանումն է, իսկ այդ հասարակութիւնների կարեւոր մաս են կազմում նաեւ քաղաքական կուսակցութիւնները: Միջկուսակցական փոխգործակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի եւրոպական քաղաքական մշակոյթի տարածման, համաեւրոպական արժեհամակարգի ամրապնդման տեսնակիւնից: Մենք կարեւորում ենք ԵԺԿ դերակատարումը եւրոպական ինքնութեան կոնսօլիդացման եւ Եւրոպական միութեան գործընկեր երկրների հետ համագործակցութեան խորացման գործում», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ ասիկա նաեւ մեծ կարելիութիւններ կու տայ միջազգային եւ միջխորհրդարանական կառոյցներուն մէջ «մեր ձայնն աւելի լսելի դարձնելու համար»:
Սերժ Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԺԿի նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենսին եւ Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզույին: «Ձեր անմիջական մասնակցութիւնը եւս մէկ ապացոյցն է առ այն, որ Արեւելեան գործընկերութեան խնդիրներն ու հեռանկարները յանձնաժողովի մշտական ուշադրութեան կենտրոնում են: Մենք այսօր քննարկել ենք Արեւելեան գործընկերութեան օրակարգային հարցեր եւ նախանշեցինք մեր անելիքները մինչեւ Վիլնիւսի 2013ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովը», նշած է ան։
Հայաստանի նախագահը դիտել տուած է, որ ընդունուած երեւանեան հռչակագիրին մէջ կ՛արտացոլայ ընդհանուր տեսլականը՝ Արեւելեան գործընկերութեան ապագային, տարածաշրջանային հիմնահարցերուն, ինչպէս նաեւ ԵԺԿ դերակատարութեան վերաբերող: «Արեւելեան գործընկերութիւնը, ստեղծուելով որպէս ընդհանուր արժէքների շուրջ փոխգործակցութեան ձեւաչափ, Հայաստանի համար այն կարեւորւում է լայնածաւալ բարեփոխումներով, Եւրոպական լաւագոյն փորձի ներդրման տեսակէտից: Համոզուած ենք, որ Արեւելեան գործընկերութեան առաքելութիւնը լիարժէքօրէն իրականացուած կը լինի այն դէպքում, երբ բոլոր գործընկեր երկրները հաւասարապէս յանձնառու լինեն ժողովրդավարական բարեփոխումներ իրականացնելուն», յայտնած է Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը շեշտած է, որ՝ իբրեւ քրիստոնէական–ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ընտանիք, ԵԺԿն չի կրնար հանդուրժել ժողովրդավարական ազատութիւններու ոտնահարումը, այլ-ատեացութիւնը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, ուժի կիրառման սպառնալիքը: «Այս երեւոյթները մեր ընդհանուր պատմութեան ամենանուրբ էջերի յիշողութիւններն են արթնացնում: Մեզ չի կարող չանհանգստացնել այն փաստը, որ Եւրամիութեան անդամակցութեան դէպքում էլ Թուրքիան շարունակում է լինել «լաւ գործընկեր» Հայաստանի շրջափակման գործում: Համոզուած ենք, որ Եւրոպայի այս վերջին փակ սահմանը պէտք է բացուի անմիջապէս եւ առանց նախապայմանների», նշած է Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի երեք կուսակցութիւններու անդամակցութիւնը ԵԺԿին, ըստ նախագահին, նոր թափ հաղորդած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.