Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ Ալպանիայի անկախութեան առաջին
դարադարձին առիթով։
Նախագահ Պուժար Նիշանիի ուղղած իր պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը Ալպանիային մաղթեց
''խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ բարօրութիւն''։ Նշենք որ 28 նոյեմբեր 1912-ին օսմանեան
բռնագրաւումէն 4 դարեր ետք, մինչ պալքանեան աշխարհամասը պատերազմի մէջ էր, Ալպանիան իր
անկախութիւնը կը հռչակէր պահանջելով ''մեծ Ալպանիայի'' ստեղծումը։ Լոնտոնի 1913ի հռչակագիրը
սակայն կը ճանչնար միմիայն ներկայ սահմանները մերժելով անոր կապել Քոսովոն եւ Մակետոնիայի
մէկ մասը։ Ալպանիայի բնակչութեան երկու երրորդը մահմետական են, Օրթոտոքսները կը ներկայացնեն
բնակչութեան 20 տոկոսը իսկ կաթողիկէները 13 տոկոսը։