2012-11-30 12:59:26

Պաղեստին Մուտք կը Գործէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն Ներս Որպէս Ոչ-Անդամ ՝՝Դէտի Կարգավիճակով Պետութիւն՝՝ ։ Սուրբ Աթոռի Յայտարարութիւնը։ Այս Առիթով։


Երէկ ուշ գիշերին(29 Նոյեմբեր) ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին մէջ կատարուած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Պաղեստինը դարձաւ ՄԱԿ-ի ՝՝ոչ -անդամ՝՝ դէտի կարգավիճակով պետութիւն: Որոշումին թեր քուէարկեցին 138 երկիրներ, դէմ` 8, իսկ ձեռնպահ` 41: ՝՝Այո՝՝ ներուն մէջ նաեւ Իտալիան։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ խօսք արտասանելով ըսաւ ի մէջ այլոց . «Մենք համոզուած ենք, որ միջազգային ընտանիքը երկու պետութեամբ լուծումը փրկելու վերջին առիթին առջեւ կը գտնուի … Պաղեստինցի ժողովուրդը կը շարունակէ խաղաղութեան հաւատալ… Ժամանակը հասած է, որ աշխարհ յարձակումին, բնակեցումին եւ բռնագրաւումին յստակ կերպով բաւ է ըսէ… Մեր նպատակը խաղաղութեան հոլովոյթին ձեռնարկման վերջին առիթ տալն է… Միայն 1967-ի հողամասերուն վրայ եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի ընդունինք… Պաղեստինցիք պիտի շարունակեն ժողովրդային խաղաղ դիմադրութիւնը… Կը պահանջենք, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը պաղեստինեան պետութեան ծննդեան վաւերագիրը հրապարակէ:
Միւս կողմէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ «ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինին ոչ անդամ պետութեան դէտի կարգավիճակի տուչութեան շուրջ քուէարկութիւնը գետնի վրայ ոչինչ պիտի փոխէ»` աւելցնելով, որ «պաղեստինցիները այս ձեւով պետութիւն պիտի չունենան»:
Իսկ այս առթիւ լոյս տեսած Սուրբ Աթոռի 30 Նոյեմբեր թուակիր Յայտարարութիւնը՝ եօթը կէտէրու մէջ կ՝ամփոփէ Պաղեստինի ի նպաստ պատմական քուէարկութեան գործընթացքը,թէ Սուրբ Աթոռը ուղղակի եւ մասնակցութեամբ հետեւած է այն բոլոր քայլերուն որոնց արդիւնքը կը հանդիսանայ երէկուայ կարեւոր որոշումը,ջանալով մնալ միշտ ի վեր՝խնդրոյ առարկայ կողմերէն, գործելով ըստ իր կրօնական բնութեան ու տիեզերական առաքելութեան համաձայն որ զինք կը բնորոշէ, ու նաեւ իր յատուկ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով միջազգային բարդ հարցերու՝ բարոյական տարողութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.