2012-11-30 12:38:33

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
Կը հաւատանք ՀՕՐ Աստուծոյ


Ինչո՞ւ Աստուծոյ «Հայր» անունը կը տրուի:
Աստուծոյ կը տրուի «Հայր» անունը, բազմաթիւ պատճառներու համար: Յարմար է ուրեմն, նախ եւ առաջ բացատրել թէ ինչ իմաստով Անոր կը յատկացուի այդ անունը:
Յիսուս Քրիստոս մեզի յայտնեց, թէ Աստուած «Հայր» է, ո՛չ միայն որովհետեւ Ան տիեզերքին եւ մարդուն Արարիչն է, այլ մանաւանդ որովհետեւ Ան Իր ծոցին մէջ յաւիտենապէս Որդին կը ծնի, որ Իր Բանն է, «պայծառութիւնը Իր փառքին, պատկերը Իր էութեան» (Եբր 1, 3)։
Ի՞նչ Կ՛ըսէ Ս. Գիրքը:
Ս. Գիրքը «Հայր» բառը կը գործածէ, երբ, Աստուծոյ մասին, Անոր կը վերագրէ Արարչութիւնը, Գերագոյն Զօրութիւնը եւ այս Նախախնամութիւնը, որ այնքան սքանչելիօրէն կը ղեկավարէ տիեզերքը: Յիրաւի, հոն կը կարդանք . «Արդեօք Տէրը չէ՞ ձեր Հայրը, որ ձեր Տէրն է, որ ձեզ ոչինչէն ստեղծած է (Երկրորդ Օրինաց. 32 , 6): Նաեւ. Արդեօք Ինքը չէ՞ մեր միակ Հայրը. արդեօք Աստուած չէ՞ մեր միակ Արարիչը» (Մաղ. 2, 10):
Բայց Նոր Կտակարանի գրքերուն մէջն է որ Աստուած շատ աւելի յաճախ եւ յատուկ կերպով կը կոչուի քրիստոնեաներու Հայրը. «Որովհետեւ անոնք չեն ընդունած ստրկութեան ոգին, որ վախի մէջ կ՛ապրեցնէ, այլ՝ Աստուծոյ որդեգրութեան ոգին, որով կը գոչենք Աբբա, Հայր (Հռոմ. 8, 15)- կամ. «Որովհետեւ Հայրը մեզի ցոյց տուաւ այնպիսի սէր մը մը, որ կը կոչուինք եւ ենք, իրապէս, Աստուծոյ որդիներ» (Յովհ. 3, 1): Ուրիշ տեղ ալ կը կարդանք թէ. «Եթէ Աստուծոյ զաւակներ ենք, ուրեմն ժառանգորդներ ենք Աստուծոյ եւ ժառանգակիցները Քրիստոսի » (Հռոմ. Ը, 17)
Այսպէս, ըլլայ երբ զԱստուած ընդհանուր կերպով նկատենք իբրեւ Արարիչ եւ Նախախնամող, ըլլայ երբ յատկապէս նկատի առնենք իր հոգեւոր Հայրութիւնը քրիստոնեաներու նկատմամբ, իրաւունքով ան կը հռչակուի եւ կը ճանչցուի հաւատացեալներէն իբրեւ Հայրը:


Հայրը՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան մէջ
Աստուածային Բնութեան մէջ՝ Հայրը առաջին Անձն է, եւ իր Միածին Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն հետ մէկ Աստուած է, մէկ Տէր, ոչ թէ մէկ Անձ, այլ մէկ բնութիւն երեք Անձերով:
Երբ կ՛ըսենք թէ Հայրը առաջին Անձն է, պէտք չէ կարծել որ կ՛ուզենք ենթադրել առաջին կամ վերջին, աւելի մեծ կամ աւելի փոքր բան մը՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան մէջ: Աստուած չ՛արտօներ որ նման ամբարշտութիւն մը մուտք գործէ հաւատացեալներու մտքին մէջ, որովհետեւ Քրիստոնէական Կրօնքը կը հռչակէ թէ երեք Անձերը ունին միեւնոյն յաւիտենականութիւնը, փառքը եւ մեծվաձելչութիւնը:
Բայց, քանի որ «Հայրը» անսկիզբ Սկիզբն է, ճշմարտապէս եւ անվարան կը հաստատենք թէ Ան է առաջին Անձը. եւ որովհետեւ միւս Անձերէն կը զանազանուի իբր Հայր, իրեն միայն կը վերագրուի իբր «Հայր», իրեն միայն կը վերագրուի ծնանիլ Որդին, ի յաւիտենից: Հաւատոյ մեր այս դաւանութեան մէջ, կը միացնենք «Աստուած» եւ «Հայր» բառերը՝ յիշելու համար, միանգամայն, թէ Աստուած միշտ եղած է եւ թէ միշտ «Հայր» եղած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.