2012-11-30 12:22:17

Կրկէսի Աշխարհի Ներկայացուցիչներու Ուխտագնացութիւնը Հռոմ։


Գաղթականութեան եւ Թափառաշրջիկներու Քահանայապետական Խորհուրդի յայտարարութեամբ` վաղը 1 դեկտեմբերին Կրկէսի աշխարհի պատկանող աւելի քան 7 հազար անդամներ երկու օրուայ ուխտագնացութեամբ կը ժամանեն Վատիկան ուր պիտի ընդունուին նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։

Ուրբաթ 30 նոյեմբերի յետ միջօրէին ուխտաւորները Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ կը մասնակցին Սրբազան Արարողութեան զոր կը նախագահէ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոն` Գաղթականութեան եւ Թափառաշրջիկներու Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը։ Ուրբաթ երեկոյեան ապա, Հռոմի Բիացցա Տէլ Բոբոլոյի, հրապարակաի վրայ նախատեսուած է երաժշտութեան ու պարի բացօթեայ հանդէս մը։
Շաբաթ 1 դեկտեմբերի առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետի հետ հանդիպումէն առաջ, Սուրբ Պետրոս տանող, Վիա Տէլլա Գոնչիլիացիոնէ պողոտայի վրայ նախատեսուած է Կրկէսի աշխարհի մաս կազմող 500 հոգիէ բաղկացած շեփորախումբի մը տողանցքը որ պիտի ուղղուի դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Սրբազան Քահանայապետի հետ հանդիպումը նախատեսուած է Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ Ժամը 12-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.