2012-11-30 13:13:05

Թանկագին Նոր Գանձեր՝ Ազգային Առաջնորդարանի Մելիք Թանգեան Թանգարանին։


Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Գրիգոր Ծ Վրդ Չիֆթճեան ընդունեց այցելութիւնը թաւրիզահայ Օրդ Ռիմա Աղաճանեանի, որ նուիրեց իրենց տան մէջ հօրենական հարստութիւն նկատուող երեք թանկարժէք հնութիւններ։ Իր փափաքով, հետագային անոնք պիտի զետեղուին Մելիք-Թանգեան Թանգարանին մէջ։
Նուիրուած հնութիւններէն առաջինը ռուսական իգոն է, 19-րդ դարու գործ, որուն մետաղազարդ քանդակային մասը առողջ պահպանուած է, իսկ Աստուածամօր, Յիսուսը գրկին իւղանկար պատկերները զոհ գացած են կրակի դիտումնաւոր վայրագութեան։ Իգոնի ետեւի փայտեայ մասը ծածկուած է թանձր կտաւով։
Երկրորդ եւ երրորդ թանկարժէք նուէրները հնատիպ երկու մատեաններ են՝ երկու Նոր Կտակարաններ, մին հայերէն լեզուով 1883 թուականէն, իսկ միւսը՝ պարսկերէն թարգմանութիւն 1898 թուականէն։
Այս առիթով, Օրդ. Աղաճանեան Թեմակալ Առաջնորդին նուիրեց 31 տարիներ առաջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հեռագրատան եւ հաղորդակցութեան նախարարութեան կողմէ հրատարակուած դրոշմաթուղթի թանկարժէք առաջին օրինակը, նուիրուած Քրիստոսի ծննդեան տօնին, որու վրայ հայերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով գրուած է Աւետարանէն եւ Գուրանէն քաղուած համիմաստ տող։
Թեմակալ Առաջնորդը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նուէրներուն համար, քաջալերելով Թեմի բոլոր զաւակները, հետեւելու նոյն օրինակին, փրկելու համար ազգագրական արժէք ունեցող հնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.