2012-11-29 12:11:55

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լիբանան Տուած Եռօրեայ Այցելութիւնը Վերջ Գտաւ։


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի Պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ հրաժեշտ տուաւ անոր` Լիբանան կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը աւարտելուն առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահներ Սլէյման եւ Սարգսեան ընդհանուր գնահատականը կատարեցին եռօրեայ հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն արդիւնքներուն` շեշտելով, որ անոնք հետեւողական աշխատանք պիտի տանին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութեան նպատակով:
Նախագահ Սլէյման դարձեալ ողջունեց նախագահ Սարգսեանն ու Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, իսկ Հայաստանի նախագահը վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` իր եւ հայկական պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Սարգսեան ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ մեկնեցաւ Հայաստան։
Նշենք, որ նախագահ Սարգսեանը ճամբելու նպատակով օդակայան ուղղուած էին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար Փանոս Մանճեան, լիբանանահայ երեսփոխաններ, հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Լեռնալիբանանի եւ Պեքաայի նահանգապետ, դատաւոր Անթուան Սլէյման, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցի պետը եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.