2012-11-29 12:35:27

Թուրքիա Անհանգիստ Հանրապետական ԷՏ ՌՈՅՍի Ընտրութեամբ։



ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Արտաքին յայաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար դարձած է Հայաստանի Աջակցութեան խումբի համանախագահ հանրապետական էտ Ռոյսը:
«Իբրեւ արտաքին գործերու յանձնաժողովի անդամ, քոնկրէսական Ռոյսը հաւատարիմ մնացած է մարդու իրաւունքներու հիմնական սկզբունքներուն. ատիկա կը վերաբերի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին: Ան նաեւ կողմ հանդէս եկած է որպէսզի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած քրիտոնէական եկեղեցիները եւ ինչքերը վերադարձուին։ Կը յուսանք , որ յաջորդ Քոնկրէսին մէջ եւս Հայոց հարցի վերաբերեալ համագործակցութիւնը կը շարունակուի»,(ընդգծած է ANCA-ի նախագահ Քէն Խաչիկեան) :
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի Նախագահի պաշտօնին Էտ Ռոյսի ընտրութիւնը անհանգստացուցած է Թուրքիան: Այս մասին իր ընթերցողներուն կը յայտնէ թրքական Haberler.com-ը: Ռոյսը, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ Քոնկրէսի Հայկական հարցերով Յանձնախումբի համանախագահը, մեծ աւանդ ունի ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ հակաթրքական զեկոյցներու պատրաստման ու ընդունման գործին մէջ (կը գրէ կայքէջը):
«Միւս կոյմէ ան այն Հանրապետականներէն մէկն է , որ իր ստորագրութիւնը դրած էր Պարաք Օպամային ուղղուած նամակին տակ, ուր կոչ կը կատարուէր ապրիլքսանչորսեան յայտարարութեան մէջ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը» (կ’եզրափակէ Haberler.com-ը) :








All the contents on this site are copyrighted ©.