2012-11-29 12:52:08

29 Նոյեմբեր 2012,
՜՜Աղքատութիւնը, Զայն ''Դիմագրաւելու Ու Ջնջելու Միջոցները'' Որոնելու Օր է՝՝ ՜՜Ինչո՞ւ Աղքատութիւն՝՝ Թեմայով։


Աղքատութեան Ընկերամշակութային Հետեւանքները։
Աղքատութեան երեւոյթի դէմ գործօն դեր ունեցող ՄԱԿ-ի եւ Համաշխարհային դրամատան 21-րդ դարու հարցադրումներու հիման վրայ ի յայտ եկած է՝ ՜՜ արդարացի բաշխումի հասկացողութիւնը՝՝։
ՄԱԿ-ը եւ Համաշխահային դրամատունը տարբեր կերպ կ'ընկալեն եւ կը մեկնաբանեն արդարացի բաշխումի հասկացողութիւնը։
Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, կարեւոր համարելով տնտեսութեան զարգացումը, յառաջ կը տանի նաեւ երկրներու մէջ բնակչութեան բոլոր շերտերու տնտեսական ներգործութեան եւ հնարաւորութիւններու հաւասարութեան խնդիրը դրականօրէն, միաժամանակ շեշտը դնելով այն հանգամանքին, որ ինքնին ՜՜ընկերային անարդարութիւնն ու անհաւասարութիւնը՝՝ խանգարող երեւոյթ է տնտեսական աճին ։ Համաշխարհային դրամատան կողմէ արդարացի բաշխում հասկացողութիւնը աւելի կը յանգի երկրի պետական տարեհաշիւի բաշխումին։
Հայաստանը կարծես թէ ընտրած է Համաշխարհային դրամատան տարբերակը, որու հետ միաժամանակ՝` աղքատութիւնը չափելու եւ աղքատներուն բնութագրելու Համաշխարհային դրամատան մեթոտը։
Արդ, ՜՜որոնք են աղքատները Հայաստանի մէջ, որքան կը հաշուեն անոնք եւ
ի՞նչպէս կ'ապրին. անոնց իրաւական եւ հասարակական հնարաւորութիւնները ինչպիսի՞ն են, ՜՜հարցեր՝ որոնց պատասխանները եւ կան. եւ չկան...՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.