Սերժ Սարգսեան Հայկազեան Համալսարանին Մէջ։ Այցելութիւն Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Վանք։
Պաշտօնական այցով Լիբանան գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախօրէին այցելած է Հայկազեան
համալսարան, ուր հանդիպում ունեցած է Լիբանանի չորս առաջատար համալսարաններու` Հայկազեան,
Պէյրութի ամերիկեան (AUB), Լիբանանի ամերիկեան (LAU) եւ Սեն-ժոզէֆ (Saint Joseph) համալսարաններու
դասախօսական անձնակազմերուն,եւ միջազգայնագէտ ուսանողներու հետ: Նախագահը հանդէս եկած
է ելոյթով եւ պատասխանած է ուսանողները հետաքրքրող հարցումներուն: (Այս մասին կը հաղորդեն
ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակը) : Նոյեմբեր 27-ին, Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած
է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու նախագահ, վերապատուելի Մկրտիչ Քարակէոզեանի
հետ, եւ ապա այցելած է հայ հոգեւոր, մշակութային ամենանշանաւոր Օճախներէն մէկը` Զմմառ
եւ հանդիպում ունեցած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս
Պետրոս ԺԹ.Պատրիարքի հետ: Նախագահը Զմմառի մէջ մասնակցած է «Ուրբաթագիրք»-ի տպագրութեան
500-ամեակի առիթով Մշակութային Կեդրոնի եւ Մատենադարանի նորոգուած յարկաբաժնի բացումին,
այցելած ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսը: