2012-11-28 13:14:18

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կոչը ''Էյտս'' կամ ''Սիտա'' հիւանդութեան Ժահրի Համաշխարահային Օրուայ Առթիւ։


Չորեքշաբթի 28 նոյեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, կոչ մը ուղղեց ՄԱԿԻ կողմէ հռչակուած եւ յառաջիկայ 1 դեկտեմբերին նշուելիք Սիտայի հիւանդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ։
Այդ օրուան նշումը կ՛ուզէ մեր ուշադրութիւնը դարձնել հիւանդութեան մը վրայ որ միլիոնաւոր զոհեր պատճառեց եւ մարդկային ողբերգրական տառապանքներ յարաջացուց, նա մանաւանդ աշխարհի աղքատ շրջաններու մէջ, որ մեծ դժուարութիւններ ունին արդիւնավէտ դեղեր հայթայթելու։ Իմ մտածումս կ՛ուղղեմ մեծ թիւով մանուկներուն որ ամէն տարի այս ժահրէն կը վարակուին իրենց մայրերէն, հակառակ բուժման կանխիչ միջոցներու գոյութեան, ու արդ կը քաջալերեմ բազմաթիւ նախաձեռնութիւնները որ, եկեղեցական առաքելութեան ծիրէն ներս, կը կազմակերպուին արմատախիլ ընելու համար այ մեծ պատուհասը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.