2012-11-28 14:34:32

Եւրոպայի Կաթողիկէ Արեւելեան Ծէսի Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսներու Համդիպումը Խրուաթիոյ Մէջ։


Անցեալ 22 - 25 նոյեմբեր Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ծէսի պատկանող Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու 15րդ հաւաքը որուն ընթացքին ժողովականները քննարկեցին Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու տուած նպաստը ի սպաս ընդհանրական Եկեղեցւոյ առաքելութեան, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի, Նոր աւետարանութեան եւ Հաւատքի Տարուայ լոյսին տակ։

Հանդիպումի ընթացքին ունեցած իր ելոյթով, Գերապայծառ Վազիլ Շիրիլ` Արեւելաեն Ժողովի քարտուղարը, ընգծեց ''Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքի'' իրագործման գործընթացքը որ ամբողջացաւ 1990-ին ''Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքի'' հրատարակութեամբ որ պատմական երեւոյթ ունի- ըսաւ գերապայծառ Շիրիլ - որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով արեւելեան եկեղեցիները կ՛ունենային կանոնագիրք մը հիմնուած հին ու աւանդական օրէնսդրութիւններու վրայ։
Ժողովականները ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր նպաստին` արժէւորելու եւ ծանօթացնելու արեւելեան եկեղեցիներու ծիսական, աստուածաբանական եւ մշակոթային աւանդութիւնները։
Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պատկանող Եպիսկոպոսներու յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Սլովաքիոյ մէջ 17- 20 հոկտեմբեր 2013։








All the contents on this site are copyrighted ©.