2012-11-28 12:51:44

Եգիպտոս Հրապարակ Իջած Նախագահ Մուրսիի Դէմ։ Երեք Մեռեալներ Բողոքներու Վերջին Հաշուէկշիռը։


Աւելի քան 200 հազար եգիպտացիներ Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարեցին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի դէմ, որ անցեալ շաբաթ ինքնիրեն համապարփակ լիազօրութիւններ շնորհեց: Հաւաքէն առաջ տեղի ունեցաւ բախում մը ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ, որ արցունքաբեր կազեր օգտագործեց: Ցուցարարներ Մուրսիէն պահանջեցին իշխանութենէն հեռանալ:
Տասնեակ հազարաւոր եգիպտացիներ նոյնպիսի բողոքի ցոյց մը կատարեցին նաեւ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր Մուրսիի համակիրներուն հետ բախումներ տեղի ունեցան:
Մուրսի ջանալով տագնապը մեղմացնել երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ իր նոր իշխանութեանց ՝՝տարողութիւնը սահմանափակ է՝՝, սակայն անոր հակառակորդները կ՛ուզեն, որ ան իր հրամանագիրը յետս կոչէ: Ըստ հրամանագիրին, որ ծանօթ է «սահմանադրական յայտարարութիւն» անունով, որեւէ իշխանութիւն չի կրնար նախագահին որոշումները բեկանել: Դատաւորներուն կ՛արգիլուի խորհրդարանը լուծարել եւ նոր սահմանադրութիւն բանաձեւել:








All the contents on this site are copyrighted ©.