2012-11-27 12:31:30

Սուրբ Աթոռի Ներկայացուցիչը Կարտինալ Թորան եւ Արամ Ա.Կաթողիկոս Կը Մասնակցին Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորի Հիմնած Կեդրոնի Բացման՝Վիէննայի Մէջ։


Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Վիեննայի մէջ (Աւստրիա) հիմնեց Կրօններու եւ Մշակոյթներու Երկխօսութեան Միջազգային կեդրոն մը: Սոյն կեդրոնի հիմնադրութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ու ապագային անոր գործունէութեան պիտի մասնակցին նաեւ Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ պետութիւնները:
Այս կեդրոնին բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 26 նոյեմբերին` մասնակցութեամբ երեք երկիրներու պետական պատասխանատուներուն եւ յատուկ հրաւիրեալներու: Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր անձամբ իր մասնակցութիւնը բերելու կեդրոնի բացման, ինչպէս նաեւ անոր անմիջապէս յաջորդող սեմինարին: Յանուն վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայ գտնուեցան Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յարաբերութեան Յյանձնախումբի փոխատենապետ Թենի Սիմոնեան-Փիրրի:
26 Նոյեմբերի կայացած Կեդրոնի բացման ներկայ էր նաեւ Կարտինալ Ժան Լուի Թորան՝Միջ-Կրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը, եւ շուրջ 600 հրաւիրեալներ։
Այս առիթով Վեհափառ հայրապետը Արամ Ա.ին, ներկաներուն ուղղեց գրաւոր յատուկ պատգամ մը, ուր ողջունելով յիշեալ Կեդրոնի բացումը, զայն կը նկատէ «մեծապէս գնահատելի նախաձեռնութիւն մը` յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան այս վճռական հանգրուանին»: Անդրադառնալով համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ տարբեր հաւատքի, մշակոյթի ու ազգութեան պատկանող համայնքներու գոյակցութեան` վեհափառ հայրապետը կը շեշտէ այդ «գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը` ներկայ ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մտահոգութիւններուն դիմաց»: Վեհափառը կը յիշէ որ «քրիստոնէութիւնը եւ մահմէտականութիւնը ը հասարակաց արժէքներ ու աւանդութիւններ ունին` իբրեւ Միաստուածեան կրօններ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ամրապնդել ինչ որ կը միացնեն երկու կրօնները` միաժամանակ յարգելով անոնց տարբերութիւնները»:
Իր պատգամի վերջաւորութեան վեհափառը կը յիշեցնէ, թէ «հայ ժողովուրդը իսլամութեան հետ դարեր շարունակ գոյակցած է. եւ այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ այդ գոյակցութիւնը նոր արտայայտութիւն գտած է»` յայտնելով, որ Հայ ժողովուրդի զաւակները միշտ պատրաստ են իրենց հարուստ փորձառութեամբ նպաստելու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ու գործակցութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.