2012-11-27 13:06:45

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիիի Շաբաթական Խմբագրականը
Գիրգ մը եւ Խոստում մը:


Ռատիվատիկանի տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, իր շաբթուայ խմբագրականը յատկացուցած է Սրբազան Քահանայապետին Յիսուսի Մանկութեան նուիրուած գիրքին որ - կը գրէ Հայր Լոմպարտին - մեզի կ՛ընկերանայ դէպի Սուրբ Ծնունդ առաջնորդող հոգեւոր ուղեւորութեան եւ որ կը պարունակէ մեծղի մշակոյթ մը, աստուածաբանական խորհրդածութիւններ ու հոգեւորականութիւն։
Խոստումի մը իրականացումն է որ Ան (Սրբազան Քահանայապետը) մեզի խոստացած էր Յիսուս Նազովրեցի Գիրգի առաջին հատորի հրատարակութեան առթիւ ու ապա խոստումը վերանորոգած էր երկրորդ հատորի հրատարակութեան առթիւ։
Նորին Սրբութիւնը իր հաւաքածոն ներկայացուցած է իր սովորական համեստութեամբ ''քաջ տեղեակ եմ որ այս անցեալի, ներկայի ու ապագայի միջեւ զրոյցը չի կրնար հասնիլ իր լիութեան...կը մաղթեմ որ այս գրքոյկը, հակառակ իր սահմանափակումներուն, կարենայ շատերուն օգտակար դառնայ դէպի Յիսուս տանող ճանապարհորդութեան ընթացքին''։
Հայր Լոմպարտին ապա կ՛ակնարկէ Սրբազան Քահանայապետի քաջութեան` ներկայացնելու Պատմական Յիսուսը ու Հաւատքի Քրիստոսը մեզի պարգեւելով Յիսուսի հետ անձնական ու խոր բարեկամութեան քաղցրութիւնը։ Սրբազան Հայրը Եկեղեցւոյ հաւատքին պատասխանատուն է - կը գրէ Յիսուսան Միաբանը ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Անոր յանձնառումին- Ու աւաերտելով իր խմբագրականը կը մէջբերէ Կարդինալ Մարթինիի, Սրբազան Քահանայապետի առաջին հատորին ներածականին մէջ կը գրած այս տողերը ''գիրգը շատ գեղեցիկ է եւ մեզի աւելի լաւ կը բացատրէ ըլլայ Յիսուսը Աստուծոյ Որդին եւ ըլլայ հեղինակին մեծ հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.