2012-11-27 11:54:37

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Լիբանանի մէջ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 26 Նոյեմբերի առաւօտ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, Հայաստանի նախագահի ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պետական ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ գաղութի հոգեւոր եւ ազգային անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին էր արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:
Այնուհետեւ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մեկնեցաւ դէպի Լիբանանի նախագահական Պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հայաստանի նախագահին կ'ընկերակցին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, նախագահական անձնակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ խորհրդականներ։
Իսկ Հայաստանի առաջին տիկինը Ռիթա Սարգսեան, Նոյեմբեր 26-ին Լիբանան կատարած այցի ծիրէն ներս այցելեց ՝՝Թռչնի Բոյն՝՝ կոչուած Մանկատունը, ուր հանդիպում ունեցաւ Մանկատան երեխաներուն հետ , ծանօթանալով լիբանանեան մանկատան խնդիրներուն եւ երեխաները հասարակութեան մասնիկը դարձնելու մեթոտներուն: Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան ապա տեսակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆաա Սուլէյմանի հետ:

Միւս կողմէ այսօր երեքշաբթ 27 նոյեմբեր, երեկոյեան, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՝այցելէ Զմմառու Տիրամօր Վանքը, ուր ներկայ կը գտնուի Վանքի Մշակոյթի Կեդրոնի եւ Մատենադարանի նոր սրահներու բացման հանդիսութեան, բարձր հովանաւորութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.