2012-11-27 12:34:35

Աւելի Քան 350 Աշակերտներ Իրենց Մասնակցութիւնը Կը Բերեն «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցանքին (Պէյրութ)։


Կիրակի, 25 նոյեմբեր -ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու աշակերտները ողողած էին զայն: Անոնք խուռներամ բազմութեամբ ներկայացած էին մասնակցելու «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին:
Աւելի քան 350 աշակերտներ ժամանած էին 18 հայկական վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան (Այնճար), ՀԲԸՄ Լեւոն Նազարեան վարժարան, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:
Մրցումը ըստ սովորականին սկսաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներով, որոնց համար հետաքրքրական նորութիւն մըն էր մրցումը: Այսպէս առաջին հանգրուանը սկսաւ ժամը 3:00-ին. այս դասարանի աշակերտներուն թիւը շատ բարձր էր, անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կատարեցին «Անսխալ գրենք» մրցումը: Մրցումի աւարտին մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի նուէրներ, որոնք ամէն տարուան պէս տրամադրուած էին «Ազդակ»-ի կողմէ: Ապա սրահը յաջորդաբար մուտք գործեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները ժամը 4:00-ին եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները ժամը 5:00-ին: Անոնք նոյնպէս մրցումի աւարտին ստացան յիշատակի նուէրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.