2012-11-26 12:22:06

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի Յիսունամեակը. ''Առաքելութիւն, Եկեղեցի եւ Աստուածաբանութիւն'' Վերատռութեամբ Համագումար։


28 - 30 նոյեմբեր 2012 - Յիսուսեան Միաբանութեան Հռոմի Գրիգորեան համալսարանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Առաքելութիւն, Եկեղեցի եւ Աստուածաբանութիւն'' վերատռութեամբ միջազգային համագումար մը նշելու համար Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի յիսուն ամեակը։
Սոյն յոբելեանը կը զուգադիպի նաեւ Գրիգորեան Համալսարանի ''առաքելաբանութեան'' մասնաճիւղի հիմնդարութեան 80րդ տարեդարձին։
Երեք օր տեւող այս համագումարի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ակատեմական եւ եկեղեցական աշխարհի յայտնի անձնաւորութիւններ որոնց շարքին են գերապայծառ Ճաննի Գոլցանի` ''առաքելաբանութեան'' միջազգային մասնագէտ, Գերապայծառ Բիթէր Հէնրիչի` որ պիտի զեկուցէ ''Նոր աւետարանութիւն. Ի՞նչ կը նշանակէ եւ ի՞նչպէս կը կատարուի։ փաստաթուղթերէն դէպի ընթացակարգ'' նիւթին մասին ու ապա Փրոֆ. Հարվէյ Գոքս ու Կարդինալ Գարլ Ժոզէֆ Պէքր որոնք պիտի անդրադառնան ''Կրօններու Աստուածաբանութիւնը'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.