2012-11-26 13:08:47

Նախագահ Մուրսիի Իրեն Շնորհած Մեծ Իրաւասութիւններէն Ետք Խռովարարութիւններ Եգիպտոսի մէջ։ Մեռեալ մը եւ 60 Վիրաւորներ ։


Շաբաթավերջին մեծ լարուածութիւն տիրեց Եգիպտոսի մէջ։ Տամանհուր անուան քաղաքի մէջ ծագած խռովարարութիւնները պատճառեցին մեռեալ մը եւ 60 վիրաւորներ։ Եգիպտոսի նախագահը այսօր պիտի տեսակցի Երկրի Դատական Բարձրագոյն Խորհուրդին հետ։ Իսկ վաղը տեղի պիտի ունենան հրապարակային մեծ ցոյցեր Իսլամ Եղբայրներու եւ Ընդդիմութեան կողմէ։
Կարելի է ըսել որ Եգիպտոսը խռովութեան ենթարկուած Երկիր մը կը հանդիսանայ ։ Կեանքը կորսնցնող անձը 15 տարեկան պատանի մըն էր։
Իսկ Գահիրէի հանրածանօթ Թահրիր Հրապարակին վրայ,երէկ արշալոյսին դրուեցաւ պատնէշ մը՝ որպէսզի ցուցարարները կարելիութիւն չունենան մօտենալու՝ Խորհրդարանին եւ Նախարարներու Խորհուրդին ։
Մինչ այդ Նախագահ Մուրսի իրեն մեծ իրասւասութիւններ տուող հրամանագրին համար, հաստատեց ՝՝անոնց՝՝ այն է ՝՝իրաւասութիւններու՝՝ ժամանակաւոր բնոյթը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.