2012-11-26 13:54:05

Լոնտոն։ Հայկական Ձեռագիր ու Տպագիր Գիրքերու Ցուցահանդէս՝ Բրիտանական Գրադարանին Մէջ։


Լոնտոնի յայտնի Բրիտանական Գրադարանին մէջ եւ նոյինքն Գրադարանի համագործակցութեամբ Նոյեմբեր 22-ին ՀՀ Դեսպանութիւնը կազմակերպած էր այդ Գրադարանին մէջ պահուող հայկական ձեռագիր ու տպագիր գիրքերու ցուցահանդէս` նուիրուած Հայ Տպագրութեան 500-ամեակին, Հայ-Բրիտանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20-ամեակին եւ Երեւանի` իբրեւ Գիրքի համաշխարհային Մայրաքաղաքի հռչակման: Հայկական ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու հիանալի նմուշները ներկայացուած են Բրիտանական գրադարանի «Գանձատուն» կոչուող սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումին մասնակցելու համար Լոնտոն ժամանած էր ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի պատգամաւորներ, ԱԳՆ եւ Լոնտոնի դիւանագիտական Մարմինի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ու հայ ուսանողութեան ներկայացուցիչներ:
Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Բրիտանական թանգարանի գիտական եւ հաւաքածուներու հարցերով տնօրէն Քերոլայն Պրազիեր: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է ՄԹ Համայնքներու պալատի անդամ, ՄԹ խորհրդարանի մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ, Բրիտանա-հայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Ճոն Ուիթինկտէյլը:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Կարինէ Ղազինեան հանդէս եկած է երախտագիտութեան խօսքով եւ ցուցահանդէսի մասնակիցներուն հակիրճ ներկայացուցած է հայ գիրքի եւ հայկական տպագրութեան պատմութիւնը: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուած է «Ուիկմոր մետիքըլ» ընկերութեան ղեկավար Պետօ Եղիայեանին, որուն հովանաւորութեամբ հնարաւոր եղած էր իրականացնել այս նախաձեռնութիւնը:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 31 Յունուար 2013:








All the contents on this site are copyrighted ©.