2012-11-26 14:05:48

Զմմառու Վանքի՝ Մշակոյթի Կեդրոնի Եւ Մատենադարանի Նոր Սրահներու Բացման Հանդիսութիւն։


Ներկայութեամբ Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի։
Բարձր Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին՝ Երեքշաբթի 27 Նոյեմբերի՝ժամը 17.30-ին, տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր բացումը՝ Զմմառու վանքի՝ ՜՜Մշակոյթի Կեդրոնին՝՝ ինչպէս նաեւ ՜՜Մատենադարանի Նոր Սրահներուն՝՝ ։
Հայ տպագրութեան 500-ամեակին առթիւ այս պատմական տօնակատարութեան ներկայ պիտի գտնուի, Հ Հ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան եւ Սփիւռքի Նախարարուհի՝ Հրանուշ Յակոբեան. ինչպէս նաեւ եկեղեցական ու քաղաքական (հայ , լիբանանցի եւ այլ ազգերու պատկանող) բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Ցուցահանդէսը կ՝երկարի մինչեւ 15 Դեկտեմբեր. որուն ընթացքին կը ցուցադրուին երեք դարեան հաւատարմութեան վկայ Զմմառու մայրավանքի ՜՜Ձեռագիր եւ Տպագիր Մատեաններ՝՝։









All the contents on this site are copyrighted ©.