2012-11-26 13:49:18

Աւստրալիա՝ Հայաստանին Պիտի Յատկացնէ 24.5 Միլիոն Տոլար։ Սուրիահայ Փախստականներուն Համար։


Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձախումբը Աւստրալիոյ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան եւ Միջազգային Օգնութեան եւ Առեւտուրի Բաժնի հետ համագործակցութեամբ քայլեր կը ձեռնարկէ Սուրիայէն Հայաստան ժամանած սուրիահայ փախստականներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Նոյեմբեր 22-ին Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի օրէնսդրական խորհուրդի անդամ Ուոլթ Սեքորտ նոյնպէս հանդէս եկած է Սուրիոյ հայ համայնքին աջակցելու եւ Աւստրալիոյ կողմէ անոր օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Ան մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիահայերու դրութեան հետ կապուած եւ աւելցուցած. «Ես կ’աջակցիմ Աւստրալիոյ կառավարութեան խոստումին Հայաստանի փախստականներուն 24,5 միլիոնն տոլար յատկացնելու վերաբերեալ»:
«Աւստրալիոյ կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ մենք կ’աշխատինք Հայաստանի գերատեսչութիւններուն 24,5 միլիոն տոլար օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ` սուրիահայերուն աջակցելու համար»,- յայտարարած է Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.